
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի Մ. Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանին մէջ Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Հանս Եոխեն Շմիցը DAAD-ի կրթաթոշակներու վկայագիրներ յանձնեց հայ ուսանողներու, որոնք Գերմանիոյ մէջ ուսանելու եւ գիտական հետազօտութիւններ կատարելու կարելիութիւն պիտի ունենան։
Վկայագիրներու յանձնման արարողութեան ընթացքին իր ողջոյնի խօսքը արտասանեց Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը՝ շեշտելով երկու երկիրներուն միջեւ այս ծիրին մէջ զարգացած յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը։ «Հայաստանի ու Գերմանիայի միջեւ վերջին տարիների ընթացքում լրջօրէն խորացել է կրթական ծրագրերում համագործակցութիւնը, որոնց թւում յատկապէս կայացած է DAAD-ն: Բազմաթիւ հայորդիներ իրենց կրթութիւնն են ստացել Գերմանիայում ու վերադառնալով Հայաստան՝ իրենց գիտելիքները օգտագործել ի բարօրութիւն մեր ընդհանուր հայրենիքի»։ Ան կոչ ուղղեց կրթաթոշակի արժանացածներուն՝ կարելի եղածին չափ մեծ աշխատանք տանիլ, որպէսզի կարենան օգտուիլ գերմանական կրթական կառոյցներուն կողմէ իրենց տրամադրուած կարելիութիւններէն եւ գիտութենէն։
«Վստահ եմ, որ եթէ դուք վերադառնաք Հայաստան, ապա կը կարողանանք ձեր հաստատուն տեղը գտնել մեր իրականութիւնում, որպէս լրջագոյնս պատրաստուած աշխատակիցներ», ըսաւ նախարարը:
Գերմանիոյ դեսպանը վկայագիրներ յանձնեց երեք տասնեակէ աւելի հայ ուսանողներու, որոնք պիտի ստանան պսակաւոր արուեստից ու գիտութեան, ինչպէս նաեւ մաքիստրոսի կրթութիւն։