
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Ատրպէյճանի մօտ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան ղեկավար Ռոլան Քոպիա Հինգշաբթի, Մայիս 17ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ Եւրոպական Միութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման նպաստելու համար, փոխադարձ վստահութիւն սերմանելու եւ ընդհանրապէս մթնոլորտի բարելաւման նպատակով առնուելիք քայլերու նոր թղթածրար մը մշակած է:
Ան աւելցուցած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերուն միջեւ վստահութեան մթնոլորտի ամրապնդումը կարեւորագոյն տարրերէն մէկը կը նկատէ տագնապի կարգաւորման համար:
Քոպիա կրկնած է, թէ Եւրոմիութիւնը կը ձգտի աւելի գործօն դեր ստանձնելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ, միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ կողմերը կ՛ընդունին փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտը ամրապնդելու համար Եւրոմիութեան առաջադրած քայլերը:
«Մենք կ՛աջակցինք ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին», աւելցուցած է ան՝ միաժամանակ մտահոգութիւն յայտնելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ տեղի ունեցած զինեալ միջադէպերուն կապակցութեամբ, ինչպէս նաեւ այն իրողութեան համար, որ լարուածութեան մակարդակը մտահոգիչ կերպով աճած է: