ՄԱՅՏԱ ԲԱԲՈՒՄԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան արարքի հետեւանքներն ու անոր պատճառով մեր հոգիներուն վրայ ծանրացած ու անոնց առթած զգացումները, 97 տարիներ տանջած են եւ դեռ կը տանջեն մեզ բոլորս, անխտիր, ու կը մղեն մեզ առնուազն տարին անգամ մը ոգեկոչելու զոհերուն յիշատակը ու անով իսկ՝ ամրապնդելու մեր գոյատեւման կամքը։
Սահակ-Մեսրոպ Հայ քրիստոնեայ վարժարանի Ցեղասպանութեան 97ամեակի ոգեկոչումը կայացաւ Ուրբաթ, Ապրիլ 20ին, երեկոյեան ժամը 7ին, վարժարանիս սրահին մէջ։
Վարժարանիս տնօրէն Յովսէփ Ինճեճիքեան բարի գալուստի խօսքերով հրաւիրեց ներկաները յոտնկայս ու լռութեամբ յարգելու յիշատակը մեր բիւրաւոր զոհերուն եւ անթաղ, անշիրիմ նախնիներուն։
Հայաստանի քայլերգով եւ բացման աղօթքով օրուան գեղարուեստական յայտագիրը ընթացք առաւ, վարժարանի ուսուցիչներ Արտաշէս եւ Ժաննա Սինանեաններու եւ Մայտա Բաբումեանի առաջնորդութեամբ։
«Ձայն մը Հնչեց» ազգային երգով, Գ. եւ Դ. կարգերու երգչախումբը թնդացուց սրահը։ Ապա Է. կարգի աշակերտները ներկայացուցին Սարգիս Մահսէրէճեանի հեղինակած «Լուսիկին Երազը» տրամախօսութիւնը, զոր կը ներկայացնէ հանդիպում մը մերօրեայ պատանիի մը եւ Եղեռնի խումբ մը զոհերու միջեւ, դրախտին մէջ։
Կոմիտասի դերը մարմնաւորած Արի Էքմէքճեան նուագեց Կոմիտասի «Մարալ Մարալ»ը, իսկ Անի Երեւանեան մեներգեց «Մանի Մանի Ճախարակ» երգը, թմբուկի ընկերակցութեամբ՝ վարժարանիս նուագախումբի թմբկահարներէն Յարութ Թերզեանի։
Ապա յաջորդաբար՝ Գ.,Դ., եւ Ե. կարգերու աշակերտները երգեցին Ստեփան Լուսիկեանի «Նոր Հայաստան» եւ Յովհաննէս Շիրազի բառերով՝ «Տեսնեմ Անին ու Նոր Մեռնեմ» երգերը:
Ը. կարգի 8 շնորհալի աշակերտներ ասմունքեցին «Անլռելի Զանգակատուն» ստեղծագործութենէն «Ղօղանջ Եղեռնական»ը՝ միաժամանակ ցուցադրելով Եղեռնը պատկեռացնող տեսաերիզ մը, 8րդ դասարանի աշակերտուհիի մը կողմէ պատրաստուած։
Ռիթա Դաւիթեան ծանօթացուց օրուան բանախօսը՝ Սարգիս Քէլէշեանը, որ իր պատգամը տուաւ ըսելով, թէ իւրաքանչիւր ընտանիքէ կը սկսի Ցեղասպանութեան արդար հատուցումը ապահովելու հարցը։
Ապա Սալբի Քէլէշեան իր դիւթիչ ձայնով մեներգեց «Կիլիկիա»ն, որմէ ետք փակման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Միքայէլ Եուսուֆեանը, որ հակիրճ պատմականը տուաւ վարժարանիս մէջ զետեղուած խաչքարին։
Փակման աղօթքէն ետք մոմովառութեան խորհրդաւոր պահն էր. աշակերտներ ու ծնողներ իրենց մոմերով յառաջացան դէպի խաչքար, ուր 102ամեայ Ճոզէֆ Մանճիկեան զետեղեց ծաղկեպսակ մը, իսկ Սալբի Քէլէշեանի առաջնորդութեամբ «Տէր Ողորմեա»ն երգուեցաւ։
Վերապատուելի Վաչէ Էքմէքճեանի օրհնութեան աղօթքով ոգեկոչման յայտագիրը հասաւ իր աւարտին։
Պէտք է յիշել նաեւ, որ ամբողջ շաբթուան ընթացքին աշակերտները Ապրիլեան յատուկ շապիկներով դպրոց եկան, իսկ Ապրիլ 23ի առաւօտուն, դասարաններ երթալէ առաջ, աշակերտները հաւաքուեցան խաչքարին շուրջ եւ իւրաքանչիւրը ծաղիկ մը զետեղելով՝ ուխտեցին, որ իրենք պիտի չմոռնան Մեծ Եղեռնը ու տէր պիտի կանգնին մեր պապերու ժառանգին։