ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Հայ Քոյրերու վարժարանը Երկուշաբթի, Ապրիլ 23ի ամբողջ օրը տրամադրած էր Ցեղասպանութեան 97ամեակի ոգեկոչման։ Առաւօտեան ժամը 9ին տեղի ունեցաւ աշակերտական Ս. պատարագ, բոլոր կարգերու աշակերտներուն մասնակցութեամբ. խորանին կը ծառայէին 7-8րդ դասարաններու աշակերտները, իսկ պատարագիչն էր Կլենտէյլի Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Գրիգոր Շահինեան։ Պատարագը վերջ գտաւ նահատակներու յիշատակին ցօնուած շարականներու երգեցողութեամբ։
Պատարագին յաջորդեց օրուան յայտագիրի երկրորդ մասը՝ վարժարանիս շարջափակէն ներս, Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտի շուրջ, ուր հայր Գրիգոր Շահինեան կատարեց հոգեհանգստեան պաշտօն, ի յիշատակ մէկուկէս միլիոն նահատակներու, մինչ աշակերտները կարգով կ՛անցնէին յուշարձանի մօտէն եւ իրենց յարգանքը կը մատուցէին՝ ծաղիկներ զետեղելով։
Հոգեհանգստեան արարողութեան եւ ծաղիկներու զետեղման իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին պետական պաշտօնական հիւրեր՝ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, Քրեսենթա հովիտի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Շերըլ Տէյվիս, նոյն խորհուրդի անդամ Հերի Լիոն եւ Հայ կեդրոնի ներկայացուցիչ Արիկ Գէորգեան, որոնք իրենց սրտի խօսքը արտասանեցին եւ ծաղկեպսակ զետեղելով՝ իրենց յարգանքը մատուցին մէկուկէս միլիոն նահատակներու անշիրիմ հոգիներուն, ապա Շերըլ Տէյվիս, տնօրէնուհի քոյր Լուսիային յանձնեց Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող հռչակագիր մը, որուն մէջ կը շեշտուի, թէ Ապրիլ 24, 2012ը՝ «Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակութեան օր» է Քրեսենթա հովիտի տարածքին:
Ապա կատարուեցաւ պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին աշակերտները արտասանեցին Զաւէն Սիւրմէլեանի «Ծառը» եւ երգեցին «Սուրբի աչքեր»ը: Հիւրերը մեծ հիացմունքով վկայեցին վարժարանի աշակերտութեան պատրաստութիւնը Եղեռնի զոհերու յիշատկին կազմակերպուած աշխատանքներուն։
Հանդիսութեան ընթացքին յուզիչ էր տեսնել չորս աշակերտներու՝ քարտէսներով ներկայանալը Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտին, եւ հպարտութեամբ վերակոչելը Ցեղասպանութենէ վերապրած իրենց նախահայրերու անուններն ու ծննդավայրերը։
Նոյն օրուան յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ պաշտօնական յուշահանդէս մը, վարժարանիս «Դանիէլեան» սրահէն ներս: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ տնօրէնուհի քոյր Լուսիան, որ Եղեռնի պատմականը տուաւ, բացատրեց այդ ժամանակաշրջանին տիրող քաղաքական պայմանները եւ անոնց արդիւնքը՝ օսմանեան թուրքին իրագործած Ցեղասպանութիւնը:
Այս տարուան յուշատօնը ունէր երկու գլխաւոր մասեր՝ ոգեկոչել զոհերու յիշատակը եւ վկայակոչել հայութեան վերապրումը՝ միշտ շեշտելով պահանջատիրութեան գաղափարը։ Օրուան հանդիսավար Լինտա Գանտիլեան, ի գործ դրաւ օրուան յայտագիրը՝ բեմ հրաւիրելով վարժարանի բոլոր կարգերու աշակերտները, որոնք յայտագիրի առաջին բաժինով արտասանեցին եւ երգեցին Եղեռնի նահատակներուն նուիրուած բանաստեղծութիւններ, իսկ հինգերորդ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին «Դերենիկը»։
Եօթներորդ դասարանը առաջին անգամ ըլլալով մեկնաբանեց երիտասարդ բանաստեղծ Մկօ Փանոսեանի «Լեռ Իմ Կեանքի» բանաստեղծութիւնը՝ նոյնինքն բանաստեղծի ներկայութեամբ:
Օրուան խորհուրդը փոխանցեց Լինտա Գանտիլեան, որ ներկայացուց Ցեղասպանութիւնը որպէս եղած իրականութիւն, որ կը սպասէ իր արդար լուծման, իսկ Արեւմտահայաստանի 97 տարիներէ ի վեր թատարկուած հողերը՝ իրենց տէրերուն: Ան խօսքը աշակերտներուն ուղղելով՝ ըսաւ. «Կը սպասեն ձեզի, որպէսզի երթաք եւ շէնցնէք. այսօր այդ պարտականութիւնը ձերն է, սիրելի աշակերտներ, ճանչցէ՛ք ձեր արմատները, պեղեցէ՛ք ձեր նախահայրերու ծննդավայրերը, ապա զինուելով գիտութեամբ՝ ձեր կիզակէտը դարձուցէ՛ք Արարատի փէշերուն ձեզի սպասող հայկական հողերը եւ այս անգամ ձեր տունը շինեցէք հո՛ն»։
8րդ դասարանի աշակերտները հանդէս եկան 2 արարնոց խաղարկութեամբ։ Առաջին բաժինով ներկայացուեցաւ աքսորը՝ մարմնաւորուած թուրքի վայրագութեամբ եւ բարբարոսութեամբ: Վերածնունդը ներկայացուցին 7րդ կարգի աշակերտները՝ երգելով «Սուրբի Աչքերը», դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ երաժշտութեան ուսուցչուհի Վարդուհի Պաղտասարեանի, իսկ փողի վրայ՝ գիտութեան ուսուցիչ Անդրանիկ Պօղիկեանի: Ապա բեմահարթակը տեղ տուաւ սփիւռքահայ ընտանիքի մը առօրեայ կեանքին, ուր 8րդ դասարանցիներ ներկայացուցին յարուցեալ հայ ժողովուրդի մերօրեայ պատկերը՝ մարմնացնելով հայ ծնողներու պայքարը՝ ընդդէմ ցուլման:
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասած էր. աշակերտները հոգեկան մեծ բաւարարութիւն կը զգային օրուան հանդիսութիւններուն իրենց բերած մասնակցութեամբ, երբ տնօրէնուհի քոյր Լուսիա, գոհունակութեամբ շնորհաւորեց ուսուցչուհիները եւ բոլոր աշակերտները՝ իրենց անսակարկ աշխատանքին եւ պատշաճ ներկայացման համար։
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Մկօ Փանոսեան, որ իր գոհունակութիւնը յայտնեց ի տես նոր սերունդի՝ մեր նախահայրերու ուղիէն քալելու վճռակամութեան։ Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ։