
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան մասնակցած է աշուղ Սայաթ Նովայի ծննդեան 300ամեակին նուիրուած Վարդատօնի հանդիսութեան: Երեւանի քաղաքապետարանի, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ «Սայաթ Նովա» մշակութային միութեան միացեալ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ մեծ աշուղի երգերու երկրպագուները նախ քայլարշաւով անցած են Սայաթ Նովա փողոցով, այնուհետեւ միացած են Սայաթ Նովայի անուան երաժշտական դպրոցի եւ Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի յարակից այգիին մէջ՝ մեծ քնարերգուի յուշարձան-աղբիւրի մօտ հաւաքուած քաղաքացիներուն:
Անոնք խորհրդանշական մէկական վարդով յարգանքի տուրք մատուցած են Սայաթ Նովայի յիշատակին՝ անգամ մը եւս փաստելով, թէ մեծ աշուղը շատ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է հայ երգարուեստի պահպանման ու գոյատեւման ազգանուէր գործին մէջ:
Վարդատօնը առաջին անգամ նշուած է 1914 թուականին՝ մեծն Յովհաննէս Թումանեանի եւ գեղանկարիչ Գէորգ Պաշինճաղեանի նախաձեռնութեամբ: Այնուհետեւ անիկա դարձած է աւանդական եւ ամէն տարուան Մայիսի վերջերուն Թիֆլիսի մէջ կը նշուի իբրեւ Սայաթ Նովայի յիշատակի օր:
Ձեռնարկներու ծիրին մէջ Սայաթ Նովայի յուշարձան-աղբիւրին մօտ հնչած են մեծ քնարերգուին ստեղծագործութիւնները՝ ժողովրդական երգիչ-երգչուհիներու եւ գուսանական-ժողովրդական համոյթներու մեկնաբանութեամբ։