ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Հայաստանի փոքրիկ երգիչները» իրենց մասնակցութիւնը բերած են երեք տարին անգամ մը տեղի ունեցող մանկական երգչախմբային արուեստի ամէնէն նշանաւոր փառատօններէն մէկուն՝ Սթոքհոլմի «Թող ապագան երգէ» (Լէթ տը ֆիուչըր սինկ) փառատօնին։ Անոնք պատուաբեր արդիւնք արձանագրած են. արդարեւ նկատուած են լաւագոյն խումբը եւ կարելիութիւն ձեռք ձգած են իւրայատուկ համերգով մը հանդէս գալու Սթոքհոլմի լաւագոյն բեմերէն մէկէն՝ «Քոնսըրտասէ»չ սրահին մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.