
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Աշոտ Յովակիմեան եւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն 22 Մայիսին արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին մէջ ստորագրած են «Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան եւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ սահմանային անվտանգութեան ոլորտին մէջ օժանդակութեան ու զանգուածային ոչնչացման զէնքերու տարածման կանխարգելման ուղղութեամբ համագործակցութեան վերաբերեալ» համաձայնագիրը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, համաձայնագիրը կը նպատակադրէ կանոնաւորել Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան եւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ գործակցութիւնը։ Այս համաձայնութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ զանգուածային ոչնչացման զէնքի եւ յարակից նիւթերու անօրինական փոխանցումն ու փոխադրութիւնը կանխելու, կասեցնելու, բացայայտելու ու արգելելու համար Միացեալ Նահանգներ Հայաստանի կը տրամադրէ սարքաւորումներ, գործիքներ, զանգուածային ոչնչացման զէնքի բացայայտման մասին տեղեկատուութեան փոխանակում կը կատարուի, մասնագէտներ կը վերապատրաստուին, ինչպէս նաեւ կը համակարգուի յարաբերութիւնները՝ այս բնագաւառին մէջ ծաւալող տարբեր գործունէութեան վերաբերող։