
ԵՐԵՒԱՆ.- Ռուսիոյ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան խորհուրդի կոմիտէի պատուիրակութեան Հայաստան տուած այցելութեան ծիրին մէջ 22 Մայիսին հանդիպումներ կայացած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ:
Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն, ռուսական պատուիրակութիւնը ընդունուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի եւ Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր ղեկավարման մարմիններու պետ, հրամանատար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրովի կողմէ:
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են պաշտպանական մարզին մէջ իրաւական ապահովման խնդիրներ, Հայաստանի մէջ տեղակայուած ռուսական 102 ռազմակայանի զօրամասերու եւ ստորաբաժանումներու տեղաբաշխման պայմաններուն ու ռազմակայանի կողմէ իրականացուող գործունէութեան առանձնայատկութիւններուն վերաբերող հարցեր: