ԱՐԱ ՔԷՆՏԻՐՃԵԱՆ

Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան տարեդարձէն՝ Մայիս 28էն, քանի մը օրեր առաջ, անցեալ տարուան այս օրերուն, Ֆրեզնոյի մէջ մահացաւ հայրենասիրութիւնը մարմնաւորող վերջին սերունդի վերջին անդամներէն Նազարէթ Պիտանեանը: Գաղափարի ընկերները Եռագոյնը հանդարտօրէն ծալեցին եւ յանձնեցին զայն իր կողակիցին՝ Սօսէին, ապա երգեցին Պետրոս Սեմէրճեանի նուիրուած «Վէրքերով լի» ուխտի երգը: Այդ վայրկեանները շահած էր Նազարէթ Պիտանեան իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան: Հիմա, իրեն բաժին ինկած փոքր հողակոյտի չորս դին կը հանգչին գաղափարի ընկերները, Սողոմոն Թէհլիրեանի յուշակոթողի արծիւի թեւերուն տակ, Ֆրեզնոյի մէջ:
Այնճարէն երբ բաժնուած էր Նազարէթը, 1966 թուականին, ես հազիւ վեց տարեկան էի: Ծանօթ չէի անոր, երբե՛ք: Յետագային, երիտասարդ տարիքիս, կարդացած էի գրութիւն մը՝ գրուած իրեն կողմէ, եւ նկատած էի իր հայրենասիրութեան մեծութիւնը: Բայց ինչ բոյթ, երբ ինք անծանօթ ուզեց մնալ բոլորէս…: Մեր ընտանիքները դրացիներ եղած են Այնճար հաստատուած օրերէն իսկ: Գաղթական կեանքի դառնութիւները կրած ու շատ նեղ օրեր անցուցած են անոնք: Գրելու վարժ չեմ, բայց պիտի փորձեմ իր կեանքը ներկայացնել եւ ձեզի հետ բաժնել տպաւորութիւներս:
Երեւակայեցէք պահ մը՝ 1915 թուականը, երբ Մուսա լերան ժողովուրդը ազատագրուած եւ ֆրանսական ռազմանաւերով փոխադրուծ էր Եգիպտոսի Փորթ Սայիտ քաղաքը: Ամբողջ ժողովուրդ մը կ՛ապրէր վրանաքաղաքի մը մէջ, անբաղձալի պայմաններու մատնուած: Այդ վրանաքաղաքի մէկ վրանին մէջ ծնած էր Նազարէթը, 1917 թուականին: Երկու տարեկանին՝ 1919ին, ֆրանսացիները Մուսա լերան ժողովուրդը կը վերադարձնեն իրենց ծննդավայրը՝ Մուսա լեր. Նազարէթ միշտ կ՛ըսէր, թէ ինք Եողուն Օլուքը կը համարէ իր ծննդավայրը: Նախնական ուսումը կը ստանայ «ծննդավայրին» մէջ, Եողուն Օլուք: Մէկ տարի կը յաճախէ Անտիոքի պետական վարժարանը, ուր կը ստանայ նախակրթարանի իր առաջին վկայականը: 1931ին ծնողքը զինք կ՛ուղարկէ Անթիլիասի Դպրեվանք:
Պատանի Նազարէթի ուսումը, սակայն, կիսատ կը մնայ: Այդ տարիներուն Ամերիկա կը գտնուէր տնտեսական սնանկ պայմաններու մէջ: 1933ին հայ գաղութը կը դադրի նպաստներ հասցնելէ Անթիլիաս: Դպրեվանքը ստիպուած տուն կ՛ուղարկէ իր սաները, որոնց կարգին էր նաեւ Նազարէթը: Յաճախ կը կատակէր ըսելով. «Ձայնս տէր-տէր ըլլալու յարմար չէր, բայց ուսումս կիսատ մնաց»: Գիւղ վերադարձին, 1935ին, կը շարունակէ ուսումը Անտիոքի Լիսէին մէջ: Բախտը կ՛ունենայ գործ մը ճարելու Սուվուք Սոզի մէջ, Անտիոքի շրջանը, իբրեւ պետական պաշտօնեայ: Սակայն թուրքերը կը դադրեցնեն իր ուսուցչական պաշտօնը, երբ ֆրանսացիները Սանճաքը կը յանձնեն թուրքերուն:
1939ին, Մուսա լերան ժողովուրդը դարձեալ գաղթական դարձած էր: Ֆրանսան վճռած էր Սանճաքը յանձնել թուրքերուն: Երիտասարդ Նազարէթ քսաներկու տարեկանին դարձեալ հարկադրուած է բաժնուելու այն լեռներէն, ուր օր մը, անտառի ծածուկ մէկ անկիւնը, գաղտնի պայմաններու տակ երդուած էր ծառայել ՀՅԴին:
Երկար է չարչարանքի այն պատմութիւնը, թէ ինչպէ՛ս Մուսա Տաղի ժողովուրդը քալելով ու բեռնակառքերով փոխադրուած է նախ Պասիթի ծովեզերքը, ապա մինչեւ Այնճար: Ժողովուրդը շատ աւելի զոհեր տուած է այս միջոցին, քան 1915ի Մուսա լերան դիւցազնամարտին: Քսանամեայ Նազարէթ Այնճար կը հասնի 1939ին, անբացատրելի դժուարութեամբ: Գաղթական իր հայրենակիցներուն հետ կը դիմագրաւէ թշուառութեան բոլոր տառապանքները: Առաջին ձմեռը կ՛անցընեն ձիւնամրրիկ պայմաններու մէջ, լաթէ կազմուած վրաններու տակ: Նազարէթ, այդ պայմաններուն մէջ ընտանիքը թողած՝ կամաւոր կը ծառայէր ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի հրահանգներուն, որոնց առաջնահերթ նպատակն էր օգնել ժողովուրդին՝ յաղթահարելու այդ դժնդակ պայմանները:
Օր մը, երբ կ՛այցելէի զինք իր տան մէջ, Ֆրեզնօ, ան պատմեց, թէ ինչպէ՛ս ազատած է այն արկածէն, որուն հատեւանքով կորսնցուցած էր ձեռքերուն մատները: Կոմիտէի անդամ Նազարէթ, խումբ մը ընկերներու հետ երբ Այնճար կը վերադառնար, իրենց փոքր հանրակառքը կը զարնուի ժայռերուն եւ դառնալով՝ կ՛այրի: Նազարէթ, թէեւ բախտը կ՛ունենայ ազատելու այրող «պաս»էն, բայց վեհանձն հոգին ձայները կ՛առնէ իր ընկերներուն, որոնք «օգնութիւն չէին փութար», կ՛ըսէր ինք, այլ իրենց վերջին բարեւները ու մաղթանքները կ՛ուղարկէին իրենց սիրելիներուն:
Նազարէթ դարձեալ կը բարձրանայ «պաս», օգնութեան համար, բայց կրակը այնքան կատաղի եղած է, որ անկարելի եղած է ոեւէ մէկը փրկել: Այդ միջոցին կ՛այրի նաեւ ինք, կը կորսնցնէ երկու ձեռքերուն մատները ու հրաշքով կ՛ազատի: Հազուադէպ կը խօսէր, բայց այդ օրը ցասումով լեցուած Նազարէթը պոռթկաց:
Նազարէթ ծառայած է Շաւարշ Միսաքեանի հիմնած «Յառաջ» վարժարանին եւ Աւետարանական եկրորդական վարժարանին մէջ, Այնճար: Քսանհինգ երկար տարիներ իբրեւ ուսուցիչ եւ դաստիարակ դասաւանդած է Հայերէն եւ Հայոց պատմութիւն առարկաները: Իր աշակերտները եւ գործընկերները հպարտանքով կը յիշեն անոր ճառերն ու պատմութեան մեկնաբանութիւնները:
1966ին փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուած Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքը: Հոն նաեւ ունեցած է բեղուն գործունէութիւն, հակառակ սահմանափակ իր պայմաններուն: 1978էն 1984 ընտրուած է Ազգային երեսփոխան: Ընտրուած է նաեւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ: Հիմնած ու ամբողջովին կազմակերպած է Համազգայինի գրադարանը Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ: Շրջան մը խմբագրած է «Ասպարէզ» օրաթերթը Լոս Անճելըսի մէջ: Ունի ցրուած բանաստեղծութիւններ ու յօդուածներ մամուլի մէջ: Գիրքն ու մամուլը իր ամէնօրեայ զբաղումներն էին: Առանց «Ասպարէզ» ու «Հայրենիք» թերթերուն, անոր օրը չէր անցներ:
Ո՞վ էր Նազարէթ Պիտանեանը. արդեօք կարելի է վերլուծել անոր փակ կեանքը: Օր մը խնդրեց ինձմէ «Մշակ» տպարան երթալ: Իր տպագրական մեքենան՝ «տաքթիլօ»ն, պէտք է նորոգուէր: Հայերէն գիրերով օժտուած այս գործիքէն գիր մը կը պակսէր: Այդ գիրը տպելու համար, երկու ուրիշ գիրեր կը տպէր ու մաս մը կը սրբէր որպէսզի այդ բացակայ գիրը տպագրուի: Ա՛յդ էր Նազարէթը. Հայ գիրերու երկրպագուն: Փակ գրասենեակի մէջ խոկաց, գիրերու հետ խօսեցաւ, վերլուծեց ու սրբագրեց հին օրակարգեր, եկեղեցւոյ կանօնագիրներ: Քիչերու շարքին բախտը ունեցաւ տեսնելու Հայաստանի Վերանկախացումը եւ Ղարաբաղի Ազատագրումը: Խրատեց անոնց, որոնք կրնային հասկնալ իրեն: Միշտ զգոյշ էր. «Լաւագոյն քաջութիւնը զգուշութիւն է», կ՛ըսէր ան:
Վերջին օրերուն, հիւանդանոցի սենեակին մէջ վերջին անգամ հանդիպեցանք: Այդքան գիտակից էր, բայց մարմինը դաւաճանած էր իրեն: Ցաւերուն մէջ յիշեց եւ կանչեց Աստուծոյ, քրոջը, եղբօրը, մօրը, որոնք, աւա՜ղ բոլորն ալ բացակայ էին: Շրջապատուած իր հարազատներով՝ ան աջքերը փակեց: Այդքա՛ն հոլովուած հայ գիրերը քիչ մը աւելի որբացան, թերթերը շարունակեցին իրենց ներկայութիւնը ու գրասենեակին դուռը մնաց փակ: Իր անհուն սէրը՝ գիրերուն ու գիրքին, մնաց կտակ: Նազարէթի հոգին իրականութեան մէջ մահացած էր 1939ին, երբ Մուսա լեռնէն անբախտ օր մը հեռացած էր: Այդ լեռներուն մէջ ընդմիշտ կորսնցուցած էր իր հոգին: Այդ թուականէն ետք մխիթարանք մը կ՛ապրէր սոսկ: Առիթով մը, բանաստեղծութիւն մը կը փնտռէի. կանչեց զիս: «Այս կը պահես», ըսաւ, եւ Վահէ Վահեանի գրած «Ճէպէլ Մուսա» քերթուածը յանձնեց ինծի, որպէսզի պահեմ: Բայց նախ բաժին մը կարդաց ու թրջուեցան աչքերը. «90ամեայ իմ բարեկամիս»… ու ձայնը թոթովեց:
Ու ես իմացայ, թէ ո՛ւր կորսուած է այս մարդը, ո՛ր լեռներու մշուշներուն մէջ:
Ահա՛ այդ քերթուածէն համարը, զոր փորձեց կարդալ…
«Ճէպէլ Մուսա… մուխ ու մշուշ… կը սուզուին
Հիմա կողերդ ու կատարներդ դալար,
Կը ջնջուին տակաւ գիծերը ձեւին,
Ու կը դառնաս Գաղափար»:
Յիշատակդ անթառամ…