
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Երէկ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան կողմէ սահմանուած տոլարի պաշտօնական փոխարժէքը կազմած է 406.67 դրամ, որ շուրջ 4 դրամով աւելի է նախորդ օրուան փոխարժէքէն՝ 402.68 դրամէն: Առեւտրային դրամատուներու մէջ առքի լաւագոյն գինը 404 դրամ էր, իսկ վաճառքինը՝ 408: Առքուվաճառքի գիներուն միջեւ նման տարբերութիւն մը բաւական մեծ կը համարուի. սովորաբար անիկա կ՛ըլլայ 1 դրամի սահմաններուն մէջ: Իսկ այս մեծ շեղումը կը վկայէ արտարժութային շուկային մէջ շարունակուող անորոշութեան մասին:
Նշենք, որ «Նաստաք ՕԷՄԵՔՍ Արմէնիա» ընկերութեան մէջ Մայիս 21էն 25ի միջեւ իրականացած է 33,160,000 տոլարի առք եւ վաճառք՝ մէկ տոլարի դիմաց 404.03 դրամ միջին փոխարժէքով:
Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ Կեդրոնական դրամատան մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութենէն: Արտարժոյթի ներքին դրամատնային շուկային մէջ, դրամատուները գնած են 74,164,898 տոլար՝ մէկ տոլարի դիմաց 400.90 դրամ միջին փոխարժէքով, եւ վաճառած 101,629,968 տոլար՝ 402.41 դրամ միջին փոխարժէքով:
Իսկ միջդրամատնային շուկային մէջ իրականացած է 2,200,000 տոլարի առք եւ վաճառք՝ 407.44 դրամ միջին փոխարժէքով: