ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Հայաստանի երեւանեան նորաձեւութեան շաբա»չ փառատօնի ծիրին մէջ, 25 Մայիսին Հայաստանի կառավարութեան նիստերու դահլիճի ճեմասրահին մէջ տեղի ունեցաւ նորաձեւութեան եւ «տիզայն»ի բնագաւառին վերաբերող 4րդ ազգային մրցանակաբաշխութիւնը։ Ցուցադրութեան դրուած էին Հայաստանէն, Արցախէն, Ռուսիայէն եւ Թուրքիայէն հաւաքածոներ։
«Նորաձեւութեան շաբաթը ուղիղ կապող օղակ է սպառողի եւ ֆիրմային խանութ-սրահի, հայրենական արտադրողի եւ անհատ նկարիչ մոտելաւորողի միջեւ», յայտնած է «Հայաստանի երեւանեան նորաձեւութեան շաբա»չ նախագծի հիմնադիր Արման Անտոնեանը: Ան նշած է, որ փառատօնի կազմակերպիչներուն նպատակն է նման ձեռնարկ կայացնել ամէն տարի կամ տարին երկու անգամ։
Թուրքիայէն փառատօնին մասնակցող ձեւաւորող, ազգութեամբ հայ Ճուլիա Մութլոն է, որ ներկայացուցած էր հայկական շուրջ 80 գաւառներու նկարներու հիման վրայ պատրաստուած տարազներու ցուցադրութիւն: Տասը եւ աւելի տարիներու ընթացքին նախագիծին մասնակցած են բազմաթիւ անուն ունեցող հայ նկարիչ-ձեւաւորողներ եւ աւելի քան 200 աւարտական ուսանող «տիզայնըր»ներ:
«Փառատօնը կը նպաստի հայկական նորաձեւութեան ամրապնդմանը, նոր անունների ի յայտ գալուն, դա գնահատական է ոլորտում աւանդ ունեցողներին», նշած է փառատօնի հիմնադիրը:
Ցուցադրութեան ընթացքին բեմահարթակ ներկայացան տարբեր ոլորտներու յայտնի անհատներ՝ երգիչ-երգչուհիներ, հաղորդավարներ, դերասաններ, հասարակական գործիչներ: Մրցանակաբաշխութիւնը սկսաւ Սոֆի Դեւոյեանի անուան «Պարի եւ հոգու» թատրոնի պարային բեմադրութեամբ: Տեղի ունեցաւ նաեւ փոքրերու յատուկ հայկական արտադրութեամբ մանկական հագուստներու ցուցադրութիւն:
Վկայականներ յանձնուեցան վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ նորաձեւութեան եւ տիզայնի մարզի զարգացման իմաստով իսկական աւանդ ունեցած տասը ներկայացուցիչներու, որոնց կարգին՝ Սոֆի Դեւոյեանին եւ Մարի Աքսելին։
Հայկական նորաձեւութեան փառատօնին հրաւիրուած էին պատուաւոր հիւրեր եւ մասնակիցներ՝ տարբեր երկիրներէ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տարբեր բնագաւառներու գործիչներ՝ գործարարներ, դեսպաններ, քաղաքական գործիչներ, արուեստագէտներ եւ զանգուածային առաջատար լրատուամիջոցներ: