
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կայացող «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծիրին մէջ պիտի կազմակերպուին աւելի քան 50 ձեռնարկներ։ Այս առիթով տեղի պիտի ունենան բացօթեայ համերգներ Երեւանի, մարզերուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, պիտի կազմակերպուին վարպետութեան դասընթացքներ՝ պարուսոյցներու եւ խմբավարներու համար, պիտի կայանան կլոր սեղաններ, քննարկումներ, հանդիպումներ՝ քաղաքական, մշակութային, հասարակական գործիչներու հետ: Այս տեղեկութիւնները փոխանցուեցան նախարարութենէն, որ նաեւ փոխանցեց, թէ այս փառատօնին պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի 29 Յունիսին, Զուարթնոց տաճարէն։
Փառատօնին նպատակն է նպաստել հայ մշակոյթի, ազգային ինքնութեան պահպանման ու զարգացման: Փառատօնը հայ մշակոյթի բացառիկ տօն պիտի ըլլայ հայրենիքի մէջ, պիտի կրէ շարունակական բնոյթ եւ կայանայ տարին երկու անգամ: Յունիսի 29էն Յուլիսի 10ը նախատեսուած են «Պարարուեստի օրեր», 9-14 Օգոստոս՝ «Երգչախմբային արուեստի օրեր», անհատ կատարողներու ելոյթներ՝ Յունիսէն Հոկտեմբեր, Սեպտեմբեր 14-18՝ «Տուտուկի համահայկական փառատօն», 4-6 Հոկտեմբերին՝ «Լրագրողներու համահայկական 6րդ համաժողով»:
Արդէն կը գործէ փառատօնի կայքէջը՝ www.im-hayastan.com։