ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայաստանի բանակի զօրամասերէն մէկուն մէջ, ժամկէտային զինուորական ծառայող մը մահացած է: Այս մասին «Թեր»չին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան քննչական ծառայութեան մամլոյ քարտուղար Մերի Սարգսեան:
Դէպքի մասին ներկայացուած մանրամասնութիւններուն համաձայն՝ Հինգշաբթի օր ժամը 3:15ի սահմաններուն, «N» զօրամասին մէջ ժամկէտային զինուորական ծառայող Գագիկ Գէորգի Յովակիմեան, ճարտարագիտական սպասարկման աշխատանքներ կատարելէ ետք զինուորական ինքնաշարժը կանգնեցնելու ընթացքին, զարկած է նոյն զօրամասի ժամկէտային զինուորական ծառայող Խաչատուր Յակոբի Մելիքեանին: Վերջինս հիւանդանոց տեղափոխուելու ճանապարհին մահացած է:
Մերի Սարգսեանի խօսքով՝ պատահարին առթիւ, ՊՆ քննչական վարչութեան 10րդ կայազօրի քննչական բաժինին մէջ յարուցուած է քրէական գործ եւ կը կատարուի հետաքննութիւն: