
ԵՐԵՒԱՆ, «7 Օր».– Յառաջատար միջազգային լրատուամիջոցներ եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ անդրադարձած են ոչ միայն Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ ընթացող «Եւրոտեսիլ» երգի մրցումին, այլ նաեւ քարիւղով հարուստ հարաւկովկասեան այս պետութեան մէջ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներուն, ինչպէս նաեւ դրացի երկրի՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն:
«Եուրօ Նիուզ» համաեւրոպական լրատուական կայանը անդրադարձած է Պաքուի մէջ վերջերս տեղի ունեցած նախագահ Իլհամ Ալիեւի ընդդիմադիրներուն ձերբակալութիւններուն։ Վերջիններս Եւրոպայի փոփ-երաժշտութեան մեծագոյն մրցումը կ՛օգտագործէին իբրեւ առիթ՝ միջազգային հանրութիւնը իրենց խնդիրներուն ականջալուր դարձնելու: Ընկերութիւնը իր տեսանիւթին մէջ կ՛ըսէ. «Եւրատեսիլ» երգի մրցումը հիւրընկալելը Ատրպէյճանի «հմայքի ռազմավարութեան» մէկ մասն էր՝ նախկին խորհրդային երկրի միջազգային վարկանիշը բարձրացնելու»:
«Սի.Էն.Էն.»ը եւս գրած է այս մասին՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերուն եւ բախումներուն, ինչպէս նաեւ խօսած է Հայաստանի կողմէ մրցումը պոյքոթի ենթարկելուն մասին՝ յայտնելով, որ այդ քայլը առնուած է քաղաքական պատճառներով։
Ատրպէյճանի կողմէ երգի մրցումին քաղաքականացումը իր դրսեւորումը գտաւ նաեւ հետաքրքրական տեսանիւթով մը, որ վերջերս ցուցադրուեցաւ «Պի.Պի.Սի.»ի «Փանորամա» յայտագիրով։ Ժապաւէնին հեղինակը անդրադարձած է 2009ի «Եւրատեսիլ»ին, երբ Հայաստանի ներկայացուցիչներուն զուգերգին ատեն Ատրպէյճան ընդհատեց համերգի սփռումը իր երկրին մէջ: Ատրպէյճանի ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը նաեւ հարցաքննութեան կանչած էր Հայաստանի ներկայացուցիչներուն յօգուտ քուէարկած քանի մը հոգիներ:
Մինչ այդ «Ամնեսթի ինթըրնեշընըլ» իրաւապաշտպան կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Մաքս Թաքըրը, որ ներկայիս Պաքու կը գտնուի, գրած է. «Թէեւ Եւրոպական պատկերասփիւռի սփռումներ կատարող միութիւնը (EBU) հրապարակաւ յայտարարած է, որ հետամուտ պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի մէջ խօսքի ազատութեան, բայց եւ այնպէս անիկա քար լռութիւն պահեց այդ ազատութեան ոտնահարման առնչուող դէպքերուն գծով։ Միութիւնը եւ միջազգային հանրութիւնը այս գծով քայլեր չառնելով՝ «քարթ պլանշ» կու տան իշխանութիւններուն՝ առանց պատիժի կամ կաշկանդումի շարունակելու տարակարծութեան իրաւունքի ոտնահարումը»:
Հայաստան այս տարի չմասնակցեցաւ «Եւրատեսիլ»ին՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հայատեացութեան համար։ Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի ընկերութիւնը չհեռարձակեց 22 եւ 24 Մայիսի տեղի ունեցած կիսաեզրափակիչ համերգները: Տակաւին յստակ չէ, եթէ Հանրային կայանը Շաբաթ երեկոյեան կայանալիք եզրափակիչ համերգը պիտի սփռէ՞, թէ ոչ: Ձեռնարկը չցուցադրելով՝ Հայաստան կը վտանգէ յառաջիկայ տարի հեղինակաւոր մրցումին իր մասնակցութիւնը: