
ԵՐԵՒԱՆ.- Շէքսփիրի հանրայայտ «Կլոպիւս» թատրոնին մէջ ներկայացուած է «Ճոն արքայ» ներկայացումը, որուն բեմադրիչն է Տիգրան Գասպարեան։
Սունդուկեան թատրոնի տնօրէն Ստեփան Դաւթեանը նշեց, որ առաջին անգամն էր «Կլոպիւս» թատրոնի բեմին վրայ հայկական թատերական բեմադրութիւն կը ներկայացուի. «Ներկայացումը պէտք է տեւեր 2 ժամ 10 րոպէ, կարող էին մասնակցել 10-12 դերասան: Լուսային, ձայնային թեքնիքայ չէր կարելի օգտագործել, տեքորացիան էլ պէտք է մինիմումի հասցուէր»։
«Ճոն արքայ»ն, Շեքսփիրէն բացի, ցարդ «Կլոպիւս» թատրոնին մէջ ոչ ոք բեմադրած էր։ Թատրոնի տնօրէն Թոմ Պըրթ եւ գլխաւոր արտադրող Տոմինիք Տրամկուլը սունդուկեանցիներուն խաղարկութիւնը նկատած են անզուգական, իսկ թատերգութեան ներկայացման ոճը՝ հետաքրքրական եւ նոր։