
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Հայաստանի կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ 30 Մայիսին կայացաւ Հայաստան համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի 21րդ նիստը:
Նիստին ներկայ էին Հայաստանի նախագահ, հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի գործող նախագահ Սամուէլ Նիկոյեան, Հայաստան համահայկական հիմնադրամի գործադիր վարչութիւնը՝ գործադիր տնօրէն Արա Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ շարք մը բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ հիւրեր:
Նիստը սկսաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ելոյթով, որ շնորհաւորեց ներկաները՝ Հիմնադրամի 20ամեակին առիթով:
«Մենք միասին մեծ ճանապարհ ենք անցել, անհնար է թուարկել բոլոր իրականացուած ծրագրերը: Դրանք այնքան շատ են ու բազմաբնոյթ, որ առանց հիմնադրամի այլեւս անհնար է պատկերացնել Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը», նշեց ան։
Նիստը կ՛ընգրկէր «Հայաստան» հիմնադրամի գործադիր վարչութեան հաշուետուութիւնը՝ 2011ին կատարած աշխատանքներուն մասին, վերստուգիչ յանձնաժողովի «Կրանտ Թորնթօն» հաշուեքննիչ կազմակերպութեան եզրակացութեան ներկայացում՝ հիմնադրամի Մարաթոն-2012ի նպատակաուղղուածութեան գծով։
Նիստին ընթացքին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան յայտնեց, որ ընթացիկ տարուան ընթացքին Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն մէջ պէտք է գործադրուի համայնքային կեդրոններու կառուցման ծրագիրը:
Ան նշեց, որ պիտի կառուցուին կեդրոններ, որոնք պիտի ներառեն գիւղապետարան, դարմանատուն, հանդիսութիւններու սրահ, գրադարան եւ համակարգչային սրահ:
«Մի շէնքում կը լինեն միանգամից մի քանի տարբեր հաստատութիւններ, ինչը կը հեշտացնի շէնքի պահպանման հարցը եւ գիւղում փոփոխութիւն կը մտցնի մարդկանց կեանքում», ըսած է հիմնադրամի գործադիր տնօրէնը: Ան յոյս յայտնեց, որ ինչպէս միշտ, այս տարի եւս կը գտնուին բարերարներ, որոնք նեցուկ կը կանգնին ծրագիրներու իրականացման։
«Օրինակ՝ Աշոցքում կառուցւում է նոր դպրոց, որը ոչ մի կապ չունէր մեր անցած տարուայ թեմայի հետ: Համոզուած եմ, որ այս տարի էլ կը լինեն այնպիսի բարերարներ, ովքեր ծրագրեր կ՛իրականացնեն թէ՛ Հայաստանում, թէ՛ ԼՂՀ-ում», նկատել տուաւ Արա Վարդանեան:
Հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղի նախագահ Պետրոս Թերզեան նշեց, որ կարելի է ըսել, թէ ասիկա աշխարհի մէջ առաջին համազգային հիմնադրամն է:
«Մարդիկ՝ ըլլան Հայաստանի, Սփիւռքի, թէ Արցախի մէջ, գիտեն համախմբուիլ հիմնադրամին շուրջ՝ պայմանով, որ անոնք հանրօգուտ նպատակներ հետապնդեն: Ստեղծումէն 20 տարի անց մեր ունեցած արդիւնքները կը խօսին մեր գործին մասին: Ամէն մարդ կրնայ Ղարաբաղ երթալ եւ տեսնել հիմնադրամին ըրած գործը, անոնք տասնեակ, հարիւրաւոր են», ըսաւ ան:
Պետրոս Թերզեան նաեւ նշեց, թէ կարեւորը այն է, որ Սփիւռքի մէջ բնակող որեւէ գործարար ընտանիք կարելիութիւն ունի մասնակցելու ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Արցախի վերելքին: