ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու՝ Հայկական Սփիւռքին հետ երկխօսութիւն սկսելու ջանքերուն մասին վերջին յօդուածս բազմաթիւ արձագանգներու արժանացաւ՝ հայկական եւ թրքական շրջանակներու կողմէ:
Թրքական թերթերը, հեռուստաընկերութիւններն ու կայքերը լայնածաւալ լուսաբանութիւններ կատարեցին հայերու հետ կապեր հաստատելու միտող Տաւութօղլուի փորձերուն մասին: Թրքական լրատուական միջոցները արտաքին գործոց նախարարին նախաձեռնութիւնը կապեցին 2015ին՝ Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի յիշատակման ծրագիրներուն հետ:
Հայերը նոյնպէս մեկնաբանութիւններով ողողեցին համացանցային կայքէջերն ու «Ֆէյսպուք»ը՝ յօդուածիս կապակցութեամբ, որ շրջանառուեցաւ աշխարհով մէկ՝ անգլերէն, հայերէն, թրքերէն, ֆրանսերէն եւ ռուսերէն լեզուներով: Հայերու արձագանգը, հասկնալիօրէն, լեցուն էր կասկածամ-տութեամբ եւ զգուշաւորութեամբ: Հայաստանի պաշտօնատարները հանգիստ կը հետեւէին Տաւութօղլուի հանդիպումներուն վերաբերեալ զեկոյցներուն՝ զերծ մնալով որեւէ հրապարակային մեկնաբանութիւն կատարելէ, մինչդեռ Պոլսոյ հայկական մամուլը պարզապէս կը վերատպէր այն, ինչ այդ թեմային մասին կը հրապարակուէր թրքական մամուլով:
Հայ ընթերցողները յուզեց երկու հարց. ո՞վ պիտի ներկայացնէ Սփիւռքը, եթէ հայերը սկսին բանակցութիւններ վարելու Թուրքիոյ հետ, եւ ճշգրիտ ի՞նչ են հայկական պահանջները՝ Թուրքիոյ կառավարութենէն:
Ասոնք չափազանց բարդ խնդիրներ են, որոնք պէտք է լրջութեամբ դիտարկուին աշխարհասփիւռ հայերուն կողմէ: Իտէալական պիտի ըլլար, եթէ Սփիւռքի ներկայացուցիչները ընտրուէին իրենց երկիրներու հայ բնակիչներու քուէներուն միջոցով, ինչպէս առաջարկած էի նախկին յօդուածներուս մէջ: Ընտրուածները իրաւունք պիտի ունենան ներկայացնելու սփիւռքահայութիւնը՝ որեւէ բանակցութիւններու ընթացքին:
Այս ներկայացուցիչները պէտք է համաձայնեցնեն իրենց որոշումներն ու գործողութիւնները Հայաստանի կառավարութեան հետ, մասնաւորապէս Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններ վարելու չափազանց կարեւոր խնդիրին շուրջ՝ համատեղ պատուիրակութիւն ստեղծելով: Դասեր քաղելով ձախողած Հայ-թրքական արձանագրութիւններու փորձէն, յստակ է, որ հնարաւոր չէ Թուրքիոյ հետ երկխօսութիւն հաստատել՝ առանց երկուքին՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի, մասնակցութեան եւ համաձայնութեան:
Սփիւռքի ընտրովի կառոյցին բացակայութեան պարագային, հայկական երեք աւանդական քաղա-քական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, Հայաստանի կառավարութեան հետ համատեղ, կրնան նախաձեռնել բանակցութիւններու միացեալ խումբի մը կազմութեան: Պատուիրակութիւնը առաւել ներկայացուցչական դարձնելու նպատակով, անոր մէջ կրնան ընդգրկուիլ համայնքային գլխաւոր կազմակերպութիւններ եւ ճանչցուած անհատներ, ներառեալ՝ Թուրքիոյ հայերու ներկայացուցիչը:
Մէկ այլ չափազանց կարեւոր հարց՝ թուրք պաշտօնատարներու հետ բանակցութիւններու օրակարգ մշակելն է: Ի՞նչ են հայերու ճշգրիտ պահանջները Թուրքիայէն: Ասիկա շատ լուրջ եւ զգայուն խնդիր մըն է, որ կը պահանջէ Հայկական հարցի մասին խոր գիտակցութիւն եւ բանակցութիւններ վարելու ռազմավարութեան ու մարտավարութեան մասնագիտութիւն:
Հայերուն համար ուսուցողական պիտի ըլլայ դիտել, թէ ինչպէ՛ս Իսրայէլն ու հրէական 23 գլխաւոր կազմակերպութիւններ միաւորուեցան՝ կազմելով Համաժողով՝ Գերմանիայէն հրեաներու նիւթական պահանջներուն համար, Հոլոքոսթի զոհերուն դիմաց փոխհատուցում ստանալու նպատակով, եւ թէ ինչպէ՛ս այս կազմակերպութիւնները համաձայնեցուցին իրենց դիրքորոշումները Իսրայէլի հետ, որ փոխհատուցման առանձին պայմանագիր կնքած էր Արեւմտեան Գերմանիոյ հետ: Տարիներու ընթացքին անոնց համատեղ ջանքերով, հրէական սփիւռքի կազմակերպութիւններն ու Իսրայէլը Գերմանիայէն ստացան 70 միլիառ տոլար՝ որպէս փոխհատուցում:
Կարելի է յաւելեալ դասեր քաղել զանգուածային դատերէ, «էսփեսթոս»ի ներգոծութենէ, ապրանքներու համար պատասխանատուութիւնէ, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի Առեւտրական զոյգ շէնքերու կործանումէն եւ Մեքսիքայի ծովածոցը քարիւղ թափելէն յառաջացած ֆինանսական կարգաւորումներու օրինակներէն:
Այնուամենայնիւ, Ողջակիզման եւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջեւ կարեւոր տարբերութիւն մը կայ: Մինչդեռ հրեաները կոտորուեցան Եւրոպական երկիրներու մէջ նացիական իշխանութեան լուծին տակ, հայերը կոտորուեցան եւ բռնի կերպով հեռացուեան իրենց հայրենիքէն: Ուստի, դրամական ոչ մէկ վճարում կրնայ լիովին փոխհատուցել հայերը՝ իրենց պատմական հողերու կորուստին դիմաց: Հայերը պէտք է ոչ միայն պահանջեն իրենց անձնական կորուստներու փոխհատուցումը, այլ նաեւ՝ վերադարձը Արեւմտեան Հայաստանին, ինչպէս վճռած էր նախագահ Ուուտրօ Ուիլսըն՝ պահանջ մը, զոր Թրքիան շարունակաբար կը մերժէ:
Եթէ լուրջ բանակցութիւններ սկիզբ առնեն, ապա հայերու համատեղ պատուիրակութիւնը պիտի կարենայ Թուրքիայէն պահանջել հետեւեալ նախնական քայլերը, որոնցմով Թուրքիան պիտի ապացուցէ իր բարեացակամութիւնը.
– Փոխհատուցել Ցեղասպանութեան բոլոր զոհերը.
– Վերականգնել եւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին վերադարձնել կրօնական բոլոր սրբավայրերը.
– Վերադարձնել առգրաւուած անձնական եւ համայնքային բոլոր կալուածքները իրենց հայ տէրերուն.
– Ապահովել Հայաստանի Հանրապետութեան համար յատուկ միջանցք մը՝ Տրապիզոնի թրքական նաւահանգիստը օգտագործելու համար առեւտրային նպատակներով.
– Թոյլ տալ հայերուն առանց մուտքի արտօնագիրի այցելել Արարատ, Անի եւ Թուրքիոյ մէջ գտնուող հայկական այլ պատմական վայրեր.
– Վերացնել Հայաստանի շրջափակումը.
– Վերջ տալ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման պաշտօնական քաղաքականութեան եւ ջնջել Թուրքիոյ Քրէական օրէնսգիրքի 301րդ յօդուածը.
– Զերծ մնալ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ ուղղուած թշնամական քաղաքականութենէն:
Համաձայնելու պարագային՝ այս միջոցառումները զգալի յառաջընթաց պիտի ըլլան Թուրքիայէն հայկական պահանջներու հետապնդման գործին մէջ, մինչդեռ տարածքներու վերադարձի խնդիրին կարելի է առանձնաբար դիմել՝ միջազգային իրաւական ատեաններ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ