
– Միացեալ Նահանգներու օրէնքները շահագործելով՝ տարեկան աւելի քան 200,000 տոլարի եկամուտ ունեցող 20,752 ընտանիքներ ոչ մէկ սենթ եկամուտի տուրք վճարած են 2009ին: Այդ ընտանիքներէն մօտաւորապէս 1500ը միլիոնատէրեր են:
– Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու ընտանիքներուն կողմէ կազմակերպուած ցոյցին պատճառով, Պէյրութի օդակայան տանող մայրուղին Յունիս 7ին քանի մը ժամով փակ մնաց՝ պարտադրելով որոշ ճամբորդներու, որ քալելով հասնին օդակայան:
– Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան Վանի պատգամաւոր Նազմի Կիւր յայտարարած է, որ դպրոցներու մէջ երեխաները կը ստիպեն զանազան աշխատանքներ կատարելու՝ ուտելիք բաժանելու, մաքրութիւն ընելու, եւ այդ իսկ պատճառով բողոքի նամակ մը յղած է Թուրքիոյ կրթութեան եւ ընկերային հարցերու նախարարութեանց: Նամակին մէջ ան «անգթութիւն» որակած է երեխաներուն նկատմամբ այս վերաբերմունքը: