
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպական միութեան արտաքին եւ ապահովական քաղաքականութեան հարցերով գլխաւոր ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթըն Ուրբաթ, Յունիս 8ին մտահոգութիւն յայտնած է վերջին քանի մը օրերուն հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ Լեռնային Ղարաբաղի ու Ատրպէյճանի սահմանին վրայ տեղի ունեցած միջադէպերուն առնչութեամբ:
«Գերագոյն ներկայացուցիչը խիստ մտահոգուած է Յունիս 4ին, 5ին եւ 6ին Հայաստանի եւ Ատրպէյճան սահմանին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած միջադէպերու առնչութեամբ եւ խոր մտահագութիւն յայտնած է մարդկային կորուստներու առնչութեամբ: Ներկայացուցիչը կոչ կ՛ընէ կողմերուն խստօրէն յարգել զինադադարը եւ զսպուածութիւն ցուցաբերել թէ՛ իրենց արարքներուն եւ թէ՛ յայտարարութիւններուն մէջ՝ կանխելու համար իրավիճակի յետագայ սրումը, որ առանց այս դէպքերուն իսկ բաւական վատթարացած էր վերջին ամիսներուն: Ինչպէս ուժի ու անոր սպառնալիքի կիրառումը, այնպէս ալ իրավիճակին անփոփոխ պահպանումը չեն նպաստեր հակամարտութեան կարգաւորման: Այս միջադէպերը անգամ մը եւս կ՛ընդգծեն ԵԱՀԿի կողմէ առաջարկուած սահմանային միջադէպերու հետաքննութեան գործընթացքի հաստատման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ բանակցութիւններու յառաջընթացի անհրաժեշտութիւնը: Ներկայացուցիչը կոչ կ՛ընէ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին, որպէս գործընկեր երկիրներ, ջանքեր գործադրել Մատրիտեան սկզբունքներու շուրջ համաձայնութեան հասնելու համար, որոնք հիմք պիտի ծառայեն խաղաղութեան: Պէտք է ամբողջովին իրագործուին ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ծիրէն ներս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն ստանձնած յանձնառութիւնները: Եւրոմիութիւնը կը վերահաստատէ իր լիակատար աջակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին եւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղուած համանախագահներու ջանքերուն», նշուած է Էշթընի գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
Աւելի կանուխ, Ատրպէյճանի մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Ռոլան Քոպիա յայտարարած էր, թէ վերջին բախումնները դարձեալ ցոյց կու տան կողմերուն միջեւ փոխադարձ վստահութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Ան աւելցուցած էր, թէ կողմերը պէտք է բանակցութիւններ վարեն սեղանի շուրջ եւ ոչ թէ զէնքերով:
ՆԱԹՕի հրամանատարութիւնը եւս մտահոգութիւն յայտնած է սահմանային դէպքերուն կապակցութեամբ: Կովկասի մէջ ՆԱԹՕի աշխատանքները համակարգող Ուիլեըմ Լաու յոյս յայտնած է, որ ստեղծուած իրավիճակը «մեծ անկայունութիւն» չի պատճառեր, աւելցնելով, որ ՆԱԹՕն նեցուկ կը կանգնի ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ջանքերուն:
Նաեւ, Գերմանիոյ ու Հոլանտայի կառավարութիւնները Յունիս 8ին յայտարարեցին, թէ մտահոգիչ կը գտնեն սահմանային ընդհարումները: Գերմանիոյի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակը յայտնած է. «Գերմանիոյ կառավարութիւնը շատ անհանգստացած է այս միջադէպերով եւ ցաւ կը յայտնէ մարդկային կորուստներուն համար: Կոչ կ՛ընենք կողմերուն, որ յարգեն զինադադարը: Գերմանիա լիովին կ՛աջակցի ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը հասնի խաղաղ լուծումի մը, բանակցութեանց ճամբով»:
Հոլանտա եւս իր աջակցութիւնը յայտնած է Մինսկի խմբակին կողմէ առաջ մղուող բանակցութեանց, որոնք կը նպաստեն հակամարտ երկրներու եւ ամբողջ տարածաշրջանի կայունութեան եւ բարգաւաճման: «Մենք կոչ կ՛ընենք երկու երկիրներուն, ներգրաւուիլ կառուցողական երկխօսութեան մէջ եւ համաձայնութեան գալ՝ հակամարտութեան կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ», ըսած է Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակը:
Վերջապէս, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ կարեւոր նկատած է Կովկասի մէջ կայունութեան վերահաստատումը, կոչ ընելով հակամարտութեան կողմերուն, որ «մոռնան անցեալի դէպքերը եւ միասին նային ապագային»: