
ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ
Սուրիոյ քաղաքական եւ տնտեսական աւելի քան մէկ տարուան տագնապը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ եւ կը շարունակէ ունենալ իւրաքանչիւր ընտանիքի վրայ։ Անապահովութեան կողքին, տնտեսական ծանր վիճակը նեղ կացութեան մատնեց մեր ծնողներն ու կրթական կարգ մը օճախները։ Ստեղծուած կացութիւնը ծնողներու մեծ մասին մօտ դժուարութիւն յառաջացուց կրթաթոշակներու ամբողջացման իմաստով։
Իրավիճակը հասկնալի էր, որովհետեւ երկրի տագնապն ու անոր հետեւանքով ստեղծուած անգործութիւնն ու սղաճը բաւական դժուար էր դիմագրաւել, յատկապէս՝ բազմազաւակ ընտանիքներուն համար։
Ազգ. իշխանութիւնն ու բարեսիրական միութիւնները բնականաբար ամէն միջոց ի գործ դրին՝ նեցուկ կանգնելու մեր վարժարաններուն, ազնիւ բարերարները նոյնպէս։ Վարժարաններու հոգաբարձութիւնները իրենց կարգին միջոցներ որդեգրեցին՝ ծնողներու տնտեսական ծանր վիճակին հետեւանքով յառաջացած կրթաթոշակներու բացերը նուազագոյնի իջեցնելու համար:
Այս ճիգերուն իբրեւ արդիւնք կարելի եղաւ յաղթահարել տնտեսական առկայ դժուարութիւններուն մեծ մասը, սակայն ինչպէ՞ս պիտի կարենանք լուծումներ գտնել գալիք տարիներուն նախատեսուած տն-տեսական հարցերուն, մանաւանդ որ Սուրիոյ ներկայ տագնապին ե՛ւ տնտեսական, ե՛ւ քաղաքական ազդեցութիւնները ցայտուն կերպով պիտի յայտնուին յառաջիկայ քանի մը տարիներու ընթացքին, նոյնիսկ եթէ երկրի իշխանութիւնները յաջողին դուրս գալ այս տագնապէն:
Վարժարաններէն ներս տնտեսական դժուարութիւնները յաղթահարելու լուծումը պէտք է գտնել՝ պատասխանատու մարմիններ-վարժարան-ծնողք համագործակցութեամբ։
Ազգ. Իշխանութիւնը անհրաժեշտ օգնութիւնը կը տրամադրէ, անկասկած, որովհետեւ մեր վարժարաններու գոյութիւնը մեր իսկ գոյութեան գլխաւոր երաշխիքն է, մանաւանդ, որ ազգային մեր մարմինները ոեւէ հայ աշակերտ նիւթական պատճառներով հայկական վարժարան յաճախելու իրաւունքէն չզրկելու սկզբունքով կը գործեն։ Այսուհանդերձ, յառաջիկայ տարիներուն համար յաւելեալ դեղատոմս մը պիտի ըլլար իւրաքանչիւր վարժարանի պատասխանատու մարմինին կողմէ եկամտաբեր աղբիւրի մը որոնումը՝ վարժարանին նիւթական որոշ հասոյթ մը ապահովելու հեռանկարով։
Թէ ինչպիսի՞ եկամտաբեր աղբիւրներ կարելի է որոնել՝ մտածուելու է։ Միջոցներ կան, տնտեսագէտներ ունինք, ունինք նաեւ կալուածներ, որոնք կարելի է օգտագործել վճարովի դասընթացքներու յատուկ կեդրոններ հիմնելու, կամ համակարգչային յատուկ սրահներ պատրաստելու, եւ այլն։ Բարեբախտաբար, մարդուժի մեր կարիքին գոհացում տուող բազմաթիւ մասնագէտ համալսարանաւարտներ ալ ունինք։
Անհրաժեշտ է ուրեմն այս իմաստով մասնագիտական սերտողութիւն կատարել եւ գործնական քայլերու դիմել, թէկուզ՝ սկզբնական ծրագիրներով։
Մեր վարժարաններու տնտեսական վիճակի կայուն պահպանման մէջ մեծ դեր ունին նաեւ ծնողները։ Անոնք եւս իրենց կարելին պէտք է ընեն՝ նեցուկ կանգնելու մեր վարժարաններուն, իրենց զաւակները չզրկելու համար ազգային դաստիարակութեան մարդակերտ այս օճախներէն։ Վարժարանները վճարումի տարբեր դիւրութիւններ կը ստեղծեն անոնց համար, ի հարկին կ՛օժանդակեն. սակայն այս բարեացակամ վերաբերմունքը երբեմն չարաշահողներ ալ կ՛ըլլան, թէեւ շատ քիչ է այդպիսիներուն թիւը, որովհետեւ մեր ծնողներուն մեծ մասը ո՛չ միայն գիտակից է, այլեւ՝ իր անկարելին կարելի կը դարձնէ զաւակին հայեցի կրթութիւնը ապահովելու համար։ Անհրաժեշտ է, ուրեմն, որ նիւթական իսկական դժուարութիւն ունեցող իւրաքանչիւր ծնողք ուսումնական տարուան սկիզբը ճշդէ իր պիւտճէն, յստակացնէ, թէ նիւթական ինչպիսի՞ դժուարութիւն պիտի ունենայ եւ պատասխանատու մարմիններէն իմանայ, թէ ո՞ր կողմերուն պէտք է դիմէ՝ օժանդակութիւն ստանալու համար։ Այս բոլորը խրատական հնչողութիւն կու տան թերեւս, սակայն դժբախտաբար կան ծնողներ, որոնք նախապէս չեն ճշդեր իրենց պիւտճէն, գաղափար չունին անգամ, թէ ինչպիսի՞ միութիւններ կան, որոնցմէ՞ կարելի է յատկացումներ ստանալ, եւ պարզապէս տարուան աւարտին կը մատնուին անել կացութեան եւ չեն համարձակիր վարժարան անգամ ներկայանալ, որովհետեւ կարողութիւն չեն ունենար լուծում մը գտնելու նիւթական իրենց անել կացութեան։
Համագործակցաբար, համբերանքով, իրարու նեցուկ կանգնելով ու մանաւա՛նդ՝ աշխատելով, կարելի է յաղթահարել նիւթական դժուարութիւնները։ Ի վերջոյ մեր սիրելի աշակերտները, մեր զաւակները, մեր ապագայ ղեկավարներն ու մտաւորականները արժանի են անխափան կերպով աւարտին հասցնելու իրենց ուսումը, դառնալու խոստմնալից հայորդիներ։
Մեր վարժարանները կարեւոր են այնքա՛ն, որքան հանապազօրեայ հացն ու մաքուր օդը մեզի համար։
Հետեւաբար, գիտակցութեամբ զինուիլը, հարցերուն լուծումներ գտնելու պատասխանատուութեամբ մօտենալը, դժուարութիւններու յաղթահարման մեր բանալիներն են։ Չզլանանք, եւ մեր կարելին ի գործ դնենք՝ մեր զաւակներու առողջ դաստիարակութեան համար։
«Գանձասար»