ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հետ սահմանակից Կէօրանպոյի շրջանի Կիւլիստան աւանին մէջ, որ ատրպէյճանական ուժերուն կողմէ բռնագրաւուած է Արցախէն, խումբ մը ատրպէյճանցի գաղթականներու եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան զօրամասերէն մէկուն զինուորներուն միջեւ բախում մը տեղի ունեցած է: Բնակչութեան եւ զինուորներուն միջեւ տեղի ունեցած բախումին հետեւանքով՝ քանի մը հոգի վիրաւորուած է:
Ատրպէյճանական «modern.az»ի համաձայն՝ ընդհարումին պատճառներէն մէկը եղած է այն, որ բնակիչները զօրամասի հրամանատարութենէն պահանջած են չկրակել Արցախի պաշտպանութեան բանակի դիրքերուն ուղղութեամբ, որովհետեւ հայկական կողմի պատասխան գործողութիւններուն պատճառով՝ կը խանգարուի իրենց հանգիստն ու աշխատանքը: Բնակիչները այս կապակցութեամբ նաեւ բողոքի նամակ յղած են Ատրպէյճանի նախագահին:
Սակայն, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան պետի տեղակալ Թէյմուր Ապտուլաեւ հերքած է այս լուրը:
Բնակիչները նաեւ դժգոհութիւն յայտնած են, որովհետեւ զօրամասի հրամանատարը արտօնութիւն չէ տուած բնակիչներուն պատկանող անասուններուն, արածել սահմանին մօտերը գտնուող արօտավայրերուն մէջ: Բնակիչները նաեւ կայքին յայտնած են, որ անասուններուն արածելու իրաւունք տալու համար, հրամանատարը իրենցմէ կաշառք կը պահանջէ: