
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հրանդ Տինք» հիմնադրամին կողմէ կատարուած հետազօտութեան մը միջոցով ի յայտ եկած է, որ վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին թրքական մամուլին մէջ ազգամիջեան եւ կրօնական անհանդուրժողականութիւն սերմանող հրապարակումներուն մէջ ամենաշատը հայերն են, որոնք բացասական կերպով ներկայացուած են:
Հիմնադրամը հետազօտած է թրքական մամուլի 17 պարբերականներ, որոնց կողմէ հրապարակուած ատելութիւն սերմանող 115 յօդուածներու մէջ ամէնէն աւելի յիշատակուած են հայերը: Ըստ հիմնադրամին՝ անցեալ տարի նման յօդուածներու թիւը միայն 38 եղած էր թրքական մամուլին մէջ:
Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ այս տարուան առաջին չորս ամիսներուն, ազգամիջեան ատելութիւն սերմանող ամենաշատ յօդուածները «նուիրուած են» հայերուն եւ ընդհանրապէս՝ քրիստոնեաներուն: Անոնց կը յաջորդեն հրեաներուն եւ յոյներուն դէմ գրուած յօդուածները:
Թրքական մամուլի «սեւ ցուցակ»ի հինգերորդ դիրքին վրայ կը գտնուին ֆրանսացիները, որովհետեւ Ֆրանսայի Ծերակոյտը վաւերացուցած էր Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրէնքը:
Հետաքրքրական է նաեւ, որ թուրքերուն հետ փաստացի պատերազմի մէջ գտնուող քիւրտերը կը գտնուին այս ցուցակի 7րդ դիրքին վրայ միայն, շատ հաւանաբար, որովհետեւ անոնք թուրքերուն նման իսլամներ են:
«Թրքական թերթերու առաջին էջերուն վրայ եւ վերնագիրներուն մէջ խտրականութիւն, ատելութիւն եւ այլատեացութիւն բովանդակող արտայայտութիւնները գործիք են թրքական հասարակութեան մէջ կարծրատիպերը խորացնելու, որուն հետեւանքով՝ թշնամանքն ու խտրականութիւնը հանրութեան մէջ աւելի կը սաստկանան», կ՛եզրակացնէ ուսումնասիրութիւնը: