ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- Երկուշաբթի, Յունիս 25ին Երեւանի մէջ կը մեկնարկէ «Հայկական լեռնաշխարհի պատմամշակութային ժառանգութիւնը» թեմայով միջազգային գիտաժողովը, զոր նախաձեռնած են Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիան (ԳԱԱ), Երեւանի Պետական համալսարանը (ԵՊՀ), Արցախի Պետական համալսարանը եւ «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարանների եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութեան» ՊՈԱԿը:
Գիտաժողովը պիտի աւարտի Յունիս 30ին Ստեփանակերտի մէջ: Անիկա կ՛ընդգրկէ հայկական լեռնաշխարհի պատմամշակութային ժառանգութեան առնչուող պատմական, հնագիտական, ազգագրական, արուեստի, ճարտարապետութեան, թանգարանագիտական ոլորտի հարցեր եւ այդ ծիրերէն ներս նոր լուծումներու ուղղութիւններ:
Միջազգային գիտաժողովին 90է աւելի զեկուցողներու շարքին, պիտի ըլլան նաեւ 12 օտար հեղինակաւոր գիտնականներ՝ Ռուսիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Մեծն Բրիտանիայէն, Իտալիայէն եւ Ուքրանիայէն:
ՊՈԱԿէն կը հողորդեն, որ սոյն ձեռնարկի նպատակն է հնարաւորինս ընդգրկուն ներկայացնել հայկական լեռնաշխարհի պատմամշակութային ժառանգութեան դերը՝ տարածաշրջանի պատմական գործընթացներու ձեւաւորման եւ զարգացման համակարգին մէջ: Նաեւ՝ նպաստել պատմագիտութեան, հայագիտութեան տարբեր ոլորտներու մասնագէտներու գիտական եւ գործնական կապերու յետագայ ընդլայնման, խորացման, մշակել ժամանակակից մարտահրաւէրներուն համապատասխան՝ գիտականօրէն հիմնաւորուած մօտեցումներ, գործողութիւններու միասնական ծրագիրի եւ ռազամավարական ծրագիրներու նախապատրաստման համար: Կը Նախատեսուի գիտաժողովը հեռարձակել համացանցէն: