
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՄԱԿի մէկ խորհրդաժողովին մասնակցելու համար Պրազիլ այցելած Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան հանդիպում մը ունեցած է տեղւոյն հրէական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք կոչ ըրած են վարչապետին՝ աւելի լաւ վերաբերիլ Թուրքիոյ հրեաներուն հետ:
Էրտողան վստահեցուցած է, թէ Թուրքիոյ մէջ հրէական համայնքի իրաւունքները պետական պաշտպանութեան տակ են: «Մեր հարցը իսրայէլեան կառավարութեան ռազմատենչ քաղաքականութեան դէմ է», աւելցուցած է Էրտողան՝ խօսելով լարուած թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն մասին: