
Յունիս 24ին տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի տեղական մարմինի ամէնամեայ դրամահաւաք-ճաշկերոյթը, որ այս տարի նուիրուած էր «Հայաստան» հիմնադրամի 20ամեայ յոբելեանին: Երեկոյի բանախօսն էր Վահէ Ճազմատարեան, որ այս 20 տարիներուն ընթացքին հանդէս եկած է իբրեւ կառոյցի վերստուգիչ յանձնաժողովի նախագահ:
Հանդիսավար Թենի Նիկողոսեան հիւրերը տեղեկացուց, որ հաւաքագրուած գումարներով Արցախի մէջ պիտի կառուցուի համայնքային երկու կեդրոն:
Գանատայի մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Եկանեան, իր ելոյթին ընթացքին բարձր գնահատեց Հիմնադրամին դերը Հայաստանի ու Արցախի զարգացման գործին մէջ՝ մասնաւորապէս անդրադառնալով նաեւ Թորոնթոյի տեղական մարմինի ձեռնարկներուն:
Թորոնթոյի տեղական մարմինի ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան ներկայացուց վերջին 12 ամիսներուն ընթացքին գանատահայերու նուիրատուութիւններով իրականացուած ծրագիրները՝ Շուշիի կրթամշակութային կեդրոնի, Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հիւանդանոցի երկու բաժանմունքի եւ Նորքի ծերանոցի հիմնանորոգում, ինչպէս նաեւ արցախցի 400 աշակերտներու դպրոցական համազգեստներու, իսկ Շօշ գիւղի դպրոցին փոքր հանրակառքի տրամադրում:
Վահէ Ճազմատարեան, որ երեկոյթին մասնակցելու նպատակով յատուկ ժամանած էր Ֆրանսայէն, վերստուգիչ յանձնաժողովին անունով վստահեցուց ներկաները, որ շնորհիւ տարեկան ֆիզիքական եւ ֆինանսական հաշուեքննութիւններու՝ Հիմնադրամը կը վայելէ թափանցիկ գործելաոճ ունեցող կազմակերպութեան մը համբաւը: Ան նաեւ խօսեցաւ 20 տարիներու ընթացքին Հիմնադրամին իրականացուցած ծրագիրներուն մասին:
Ճաշկերոյթի աւարտին հանգանակուեցաւ 135,000 տոլար, որուն գումարուեցաւ նաեւ մէկ նպատակային նուիրատուութիւն՝ 180,000 տոլարի չափով: Երեկոյթին արդիւնքով հաւաքագրուած 315 հազար տոլարով, Թորոնթոյի տեղական մարմինը պիտի կառուցէ համայնքային երկու կեդրոններ Արցախի Դրախտիկ գիւղին եւ սահմանամերձ այլ գիւղի մը մէջ: Կեդրոնները պիտի ունենան բժշկական բաժին, յղի կանանց սպասարկման սենեակ, համակարգչային սենեակ, գրադարան, դահլիճ եւ գիւղապետի գրասենեակ: