
Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Բ.
Մարմինի ջուրի պահանջքը կը կանոնաւորուի ծարաւով, որ կը ղեկավարուի գլխուղեղի ենթաթմբիկին (hypothalamus) կողմէ: Այս կեդրոնը կը հակադարձէ մարմինի ջուրի վերիվայրումներուն եւ պահանջքին ու կը յառաջացնէ ծարաւութեան զարգացումը: Ծարաւութիւնը կը մղէ մեզ ջուր խմելու, որպէսզի մարմնական ջրանուազում չունենանք: Ան ենթակայական (subjective) զգացում մըն է: Ծարաւութիւնը կը զարգանայ նաեւ զանազան այլ պատճառներով՝ սովորութիւն, կենցաղ եւ հոգեբանական խանգարումներ:
Ինչպէս յիշուեցաւ նախապէս, բնական պայմաններու մէջ պէտք է խմենք նուազագոյնը օրական 1500 մլ. ջուր: Իսկ հիւանդագին ջուրի կորուստի պարագային պէտք է խմենք բնականէն շատ աւելի:
Առատ ջուր պէտք է սպառեն այն անհատները, որոնք.
1. Ծանր եւ երկարատեւ աշխատանքի մէջ են.
2. Երկարատեւ մարզանքի կը հետեւին. այս երկու խմբաւորումի անհատները չափազանց կը քրտնին եւ հետեւաբար կ՛ունենան ջրանուազում.
3. Օդանաւով կը ճամբորդեն, որովհետեւ օդանաւային ճամբորդութեան ընթացքին կը կորսնցնենք բաւականաչափ ջուր.
4. Մեծ քանակութեամբ բնասպիտ (protein) կը սպառեն: Բնասպիտի նիւթափոխանակումով կ՛արտադրուի uric acid որ կը յառաջացնէ gout կոչուած յօդաբորբը: Հետեւաբար, առատ ջուր խմելով կը նուազի այս յօդաբորբի զարգացումը:
5. Բնաթել (fibre) պարունակող սննդանիւթեր կը սպառեն, որովհետեւ բնաթելը կը յառաջացնէ փորի պնդութիւն՝ աղիքներու ջուրի բնականէն աւելի ներծծումով: Հետեւաբար առատ ջուր խմելով արգելք կը հանդիսանանք փորի պնդութեան.
6. Փսխունք եւ փորհարութիւն կ՛ունենան, որովհետեւ երկուքն ալ կը յառաջացնեն ջրանուազում.
7. Շատ տաք միջավայրի մէջ կ՛ապրին, որովհետեւ հոն ապրողները առատօրէն կը քրտնին եւ հետեւաբար ջուր կը կորսնցնեն.
8. Յղի են, որպէսզի անոնց արգանդները ջուրով հարստանայ, անոնց սաղմերը բնական ձեւով աճին եւ չունենան՝ փորի պնդութիւն, երիկամի բորբոքում, արեան թանձրացում, զարկերակային գերճնշում, վաղահաս (premature) արգանդային պրկումներ եւ ծննդաբերութիւն.
9. Որոշ դեղեր կը գործածեն, որովհետեւ շատ մը դեղեր պատճառ կը դառնան ջրակորուստի, օրինակ՝ միզամղիչներ (diuretic), զարկերակային ճնշումի դեղեր, հակագերզգայնութեան (anti-allergic) դեղեր, կենսանիւթեր (vitamins) եւ corticosteroid դեղեր:
Յանձնարարելի է բնականէն աւելի ջուր խմել, որովհետեւ առատ ջուր խմելով կ՛իրականանայ.
1. Դպրոցականներու արթնութիւնը եւ յաջողութիւնը.
2. Մորթի առողջութիւնը. վայելչութիւնը եւ գեղեցկութիւնը.
3. Հաստ աղիքի, կրծքագեղձի եւ միզապարկի քաղցկեղի նուազում.
4. Գէր անձերուն նիհարնալը, որովհետեւ առատ ջուր խմելով կը նուազի ուտելու ախորժակը:
Հետեւեալ կանխազգուշական դելադրութիւնները օգտակար կը նկատեմ.
1. Սուրճը, թէյը եւ ալքոլը միզամղիչներ են: Այս հեղուկներուն առատ սպառումը կրնայ յառաջացնել ջրանուազում.
2. Զովացուցիչ հեղուկներ՝ որոնք սովորական շաքար կը պարունակեն դարձեալ միզամղիչ են եւ հարուստ՝ ջերմուժով (calory): Անոնք կրնան յառաջացնել ջրանուազում, ճարպակալում (obesity) եւ ակռաներու փտութիւն (tooth decay), մանաւանդ՝ մանուկներու մօտ.
3. Շաքար չպարունակող զովացուցիչները կը պարունակեն aspartan կոչուած նիւթը, որ կը փոխարինէ սովորական շաքարը: Aspartan-ը կը վնասէ մեր առողջութեան եւ մասնաւորապէս ուղեղին: Հետեւաբար պէտք է այս զովացուցիչները փոխրինել պարզ ջուրով:
4. Տան մէջ գործածել ջուրի զտիչներ (filter), որովհետեւ ծորակի ջուրը կրնայ մաքուր չըլլալ եւ պարունակել մանրէներ, քիմիական նիւթեր եւ մետաղներ: Քանակին չափ կարեւոր է ջուրին որակը, որպէսզի չվնասուի առողջութիւնը: Մետաղներու գոյութիւնը ջուրին մէջ հակաառողջապահական է եւ կը դանդաղեցնէ մարմնական աճը եւ կազմաւորումը եւ կը յառաջանէ ջղային դրութեան խանգարումներ ու զանազան տեսակի քաղցկեղներ, մանաւանդ հետեւեալ մետաղները՝ սնթիկ (mercury), կապար (lead), զառիկ (arsenic), cadmium, zinc եւ chromium, որոնք նաեւ կը տկարացնեն մարմինի ինքնադիմադրողականութիւնը:
æուրը կ՛օգտագործենք ի նպաստ մեր առողջութեան նաեւ այլ ձեւերով.
Ա. Տնային լոգանք, որ կարեւոր է՝
ա. Մորթի մաքրութեան, առողջութեան եւ վայելչութեան.
բ. Մարմնական հանգստութեան, տրամադրութեան բարելաւման եւ միտքի հանդարտութեան ու արթնութեան:
Բ. Լողալ որպէս յաճոյք եւ մարզանք: Անիկա կը նպաստէ ընդհանուր առողջութեան եւ մասնաւորապէս ջերմուժ վատնելու եւ նիհարնալու.
Գ. Դարմանամիջոց-բուժիչ (thera-peutic)՝ յատուկ սարքաւորումներով օժտուած բաղնիքներու օգտագործումով.
Դ. Տնային եւ միջավայրային մաքրութիւն, որ խիստ կարեւոր է մեր առողջութեան պահպանման եւ գոյատեւման համար.
Ե. Կերակուրներու, սննդեղէններու եւ զովացուցիչներու պատրաստութիւն, որոնք կ՛ապահովեն մեր առօրեայ սննդական պէտքերը.
Զ. Ձեռքերու մաքրութիւն՝ արգելք հանդիսանալու մանրէներու փոխանցման եւ տարածման:
Մեծ քանակութեամբ ջուրի սպառումը վնասակար է երկու ձեւերով.
1. Արեան քանակը կը մեծնայ՝ կը ծաւալի. քանի որ արիւնը կը շրջագայի գոց շրջագայութեան մէջ, աւելի մեծ քանակութեամբ արիւնը կը ճնշէ սիրտին վրայ եւ արեան անօթներուն վրայ.
2. Երիկամները ստիպողաբար պիտի գործեն շատ աւելի, որպէսզի մեծ քանակութեամբ արիւնը կարենան զտել, այս ձեւով երիկամներու կծիկները (glomeruli ) կը վնասուին: Մարմինի բոլոր բջիջները կը ծաւալին, կ՛ուռին եւ կը պարունակեն աւելի ջուր: Ուղեղի բջիջներուն ծաւալումով կը յառաջանայ ներուղեղային գերճնշում, որ կը յառաջացնէ գլխացաւ, շնչահեղձութիւն, գլխապտոյտ, իսկ շատ խիստ պարագաներուն նոյիսկ մահ:
3. Կը ծանրաբեռնուի սիրտը եւ տեղի կ՛ունենայ սրտի ձախող գործունէութիւն:
Ջուրի պակասը կը խանգարէ մարմնի նիւթափոխանակութիւնը, կը թանցրացնէ արիւնը եւ կը պատճառէ մարմնական ընդհանուր տկարութիւն:
Կարգ մը յանձնարարութիւններ ջուր խմելու առնչութեամբ.
1. Խմել գաւաթ մը ջուր արթննալէ ետք՝ անօթի վիճակով, դարմացնելու համար մարմինի օրկանները: Այս մէկը կ՛օգնէ գիշերուան ընթացքին երիկամներու մէջ կուտակուած թոյներու արտաքսումին, ինչպէս նաեւ կը լուայ ստամոքսը եւ աղիքները.
2. Խմել գաւաթ մը ջուր ամէն ժումէ առաջ, որպէսզի ստամոքսը լեցուելով անհատը յագեցած զգայ, ստամոքսը պատրաստուի կերակուր ընդունելու, լեզուի պտուկները արթննան, բերանի չորութիւնը նուազի եւ բերանին մէջ կուտակուած մնացորդացները մաքրուին.
3. Խմել աշխատանքէ եւ մարզանքէ առաջ եւ ետք ջրանուազում չունենալու համար.
4. Ժումերու միջեւ ջուր խմել,
5. æուր խմել դեղերու հետ, որպէսզի անոնք արագ ներծծուին.
6. æուր խմել հիւանդութեան ընթացքին, որպէսզի մարմինի մանրէները շուտով լուծուին.
7. æուր խմել յոգնութենէ ետք.
8. Քնանալէ երկու ժամ առաջ դադրիլ ջուր խմելէ.
9. Խմել կերակուրէ 1 ժամ առաջ եւ 1 ժամ ետք.
10. Կերակուրին հետ շատ ջուր չխմել, որովհետեւ ջուրը ստամոքսէն դուրս կու գայ արագօրէն եւ հետը կը տանի ստամոքսաթթուն ու արգելք կը հանդիսանայ մարսողութեան գործընթացքին.
11. Խմել փոքր կումերով-պուտերով.
12. Խմել դանդաղ պահելով զայն բերնին մէջ ծարաւի զգացումը մեղմացնելու համար.
13. Զովանալու համար խմել պաղ ջուր եւ ոչ թէ սառած ջուր եւ կամ սառոյցով ջուր.
14. Սառած ջուր չխմել, որովհետեւ ան ծարաւը չի յագեցնէր եւ կը թուլցնէ ստամոքսի մկանները ու պատճառ կը դառնայ կրկնապատկելու խմուելիք ջուրի քանակը.
15. Թէյը, սուրճը, ոգելից ըմպելիները ջուրը չեն փոխարինէր, այլ ընդհակառակը մարմինի բջիջները կը ջրազրկեն.
17. Ախորժակը նուազեցնելու համար ուտելէ առաջ գաւաթ մը ջուր խմել:
(Շար. 2 եւ վերջ)