2009ին ստեղծուած Ջաւախքահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը համակարգող խորհուրդը յայտարարած է. «Վրաց իշխանութիւնների այս գործողութիւնները տեղի են ունենում Վրաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնների նախօրեակին եւ ուղղուած են ընդդիմադիր հայեացքներ ունեցող ջաւախքահայ գործիչների եւ աքթիւիսթների դէմ»։ Խորհուրդի անդամները այս յայտարարութեամբ կ՛անդրադառնային Վրաստանի խորհրդարանի նախկին անդամ Մելիք Ռայիսեանի ու անոր կողմնակիցներուն նկատմամբ քրէական հետապնդման։ Այս խորհուրդը կը համախմբէ ջաւախքահայութեան եւ վրացահայութեան խնդիրներով մտահոգ շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններ՝ «Ջաւախք» հայրենակցական միութիւնը, «Վիրք» կուսակցութիւնը, «Ջաւախք» ժողովրդական շարժում կազմակերպութիւնը, «Ռուսաստանի ջաւախքահայերի համայնք» կազմակերպութիւնը եւ «Երկիր» միութիւնը:
Խորհուրդը դատապարտած է վրացական իշխանութիւններուն կողմէ æաւախքի մէջ գործադրուող քաղաքական հալածանքներու նոր ալիքը, մասնաւորապէս Ռայիսեանի եւ անոր կողմնակիցներուն նկատմամբ ակնյայտ քաղաքական դրդապատճառներով իրականացուող քրէական հետապնդումը: «Պարզ է, որ այս գործողութիւնները նպատակ են հետապնդում ահաբեկել ջաւախքահայութեանը եւ հերթական անգամ ընտրակեղծիքների միջոցով յօգուտ իշխող կուսակցութեան կանխորոշել ընտրութիւնների արդիւնքները», կը նշուի այն յայտարարութեան մէջ, զոր տարածած է «Երկիր» միութիւնը։
Խորհուրդին համաձայն, վրացական իշխանութիւնները նման գործելաոճով բիրտ կերպով կ՛ոտնահարեն ջաւախքահայութեան շարք մը տարրական քաղաքական իրաւունքներ, որոնց կարգին՝ Վրաստանի հասարակական-քաղաքական գործընթացներուն մասնակցելու եւ ազատ ու արդար ընտրութիւններու միջոցով իրենց քաղաքական կամքն արտայայտելու իրաւունքը: Ուստի æաւախքահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համակարգող խորհուրդը շարք մը պահանջներ կը ներկայացնէ վրացական իշխանութիւններուն, շեշտելով այն, որ նախընտրական այդ հանգրուանին անոնք պէտք է զերծ մնան ընդիմադիր քաղաքական կեցուածքներ ունեցող ջաւախքահայ գործիչներուն դէմ եղած ամէն տեսակի հետապնդումներէ։ Կը պահանջուի նաեւ æաւախքի եւ Վրաստանի մէջ պայմաններ ապահովուին ազատ եւ արդար ընտրութիւններու կայացման եւ անոնց ջաւախքահայութեան շահերը ներկայացնող տարբեր հասարակական-քաղաքական ուժերու մասնակցութեան:
Պահանջներուն մէջ նաեւ կը նշուի, որ պէտք է անյապաղ կասեցուին Մելիք Ռայիսեանի եւ անոր կողմնակիցներուն հետապնդումները, չյարուցուին խոչընդոտներ անոնց քաղաքական հետագայ գործունէութեան համար:
Յայտարարութիւնը կ՛անդրադառնայ նաեւ 10 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած Վահագն Չախալեանին՝ պահանջելով ազատ արձակել զայն եւ «փոխհատուցել ապօրինի ազատազրկման տարիներին նրա եւ նրա ընտանիքի կրած բոլոր վնասները»:
Խորհուրդը վրացական իշխանութիւններուն ներկայացուցած է նաեւ այլ պահանջներ՝ ջաւախքահայութեան եւ վրացահայութեան հասարակական-քաղաքական, լեզուական-կրթական, կրօնական եւ մշակութային խնդիրներու լուծման առնչութեամբ։ Նաեւ վրացական ընդդիմադիր ուժերուն կոչ ուղղած է՝ առաւել աշխոյժ կերպով անդրադառնալու ջաւախքահայութիւնը յուզող հարցերուն՝ զանոնք ընդգրկելով իրենց նախընտրական ծրագիրներուն մէջ:
Ընդդիմադիր մօտեցումներ ունեցող ջաւախքցիներուն դէմ հետապնդումները դադարեցնելու կոչ ուղղուած է նաեւ միջազգային կառոյցներուն ու Վրաստանի գործընկեր պետութիւններուն: