ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ քրտաբնակ շրջաններու մէջ գտնուող եւ Իրանի սահմանակից Եուքսեքովա շրջանի բնակչութիւնը կառավարութենէն պահանջած է վերանորոգել կանգուն մնացող հայկական եկեղեցիներէն մէկը:
Ըստ թրքական «Սոնտաքիքա» լրատուական կայքին՝ քիւրտերը համոզուած են, որ հայկական եկեղեցիին վերանորոգումը զարկ պիտի տայ շրջանի զբօսաշրջութեան:
«Հայկական եկեղեցին տարիներ շարունակ պաշտպանած ենք փլուզումէ: Սակայն մեր ուժերը բաւարար չեն զայն զբօսաշրջութեան համար գրաւիչ դարձնելու: Մենք թրքական կառավարութենէն կը պահանջենք, որ անիկա վերանորոգուի», ըսած է քիւրտերու ներկայացուցիչը: