ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդի նախագահ Մանուէլ Բադալեան 10 Յուլիսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ 2012ի սկիզբէն ի վեր շուրջ 100 հայ պետական ծառայողներ սրտի վիրահատութիւն ենթարկուած են բժշկական ապահովագրութեամբ:
Նշենք, որ 132 հազար դրամ արժող ընկերային թղթածրարին 52 հազարը նախատեսուած է պարտադիր բժշկական դրութեան։
Շուրջ 120 հազար պետական ծառայողներ ունին այս ապահովագրական թղթածրարէն։ Անոնք կրնան մինչեւ 4 միլիոն դրամ արժող ծառայութիւններէն օգտուիլ։ «Այդ կերպ, մօտ 100 մարդ արդէն առողջութեան համար անհրաժեշտ բարձրարժէք բժշկական ծառայութիւններ են ստացել», նշած է Բադալեան:
Անոր համաձայն, բարելաւուած է ծառայողներուն մասնագիտական պիտանիութիւնը: Եթէ նախորդ տարիներուն պաշտօնազրկումի կ՛ենթարկուէր աշխատողներուն 15-20 տոկոսը, այժմ՝ միայն 2-3 տոկոսը: