
ԵՐԵՒԱՆ.- Արմաւիրի մարզի Քարակերտ համայնքին մէջ «Օրէյնճ» հիմնադրամի եւ «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի աջակցութեամբ բացումը կատարուեցաւ վերանորոգուած ֆութպոլի մարզադաշտին: Այդ առիթով 4 Յուլիսէն սկսած էր միջհամայնքային ֆութպոլի պատանեկան մրցաշարք, որուն կը մասնակցին Արագածոտնի եւ Արմաւիրի մարզի 8 գիւղական համայնքներու խումբեր: Մրցաշարքին հանդիսաւոր բացման յաջորդեց առաջին խաղը՝ Քարակերտ եւ Միասնիկեան գիւղերու խումբերուն մասնակցութեամբ: Մրցաշարքը պիտի շարունակուի մինչեւ 17 Յուլիս, երբ տեղի պիտի ունենայ եզրափակիչ խաղը, եւ հանդիսաւոր փակման արարողութեան ընթացքին մրցանակ պիտի յանձնուի յաղթող խումբին։
Ֆութպոլի մարզադաշտը վերանորոգելու գաղափարը կը պատկանի «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամին, որ տարիներ շարունակ կրթական, առողջապահական եւ ընկերային-տնտեսական զարգացման ծրագիրներ կը կատարէ վերոյիշեալ համայնքներուն մէջ: Ծրագիրին գործադրութիւնը կարելի եղաւ «Օրէյնճ» հիմնադրամի շնորհիւ, որ այս ծրագիրին համար յատկացուց 4 միլիոն 164 հազար 600 դրամ:
Մարզադաշտի վերանորոգութեան կողքին 8 համայնքներու աւելի քան 200 երեխաներ կարելիութիւն ունեցան մարզուելու մասնագիտական մարզիչներու ղեկավարութեամբ՝ պատրաստուելով առաջնութեան:
Վերանորոգուած մարզադաշտն ու պատանեկան մրցաշարքը շատ կարեւոր են Եւրոպայի ֆութպոլի առաջնութեան մրցաշարքին պատրաստուելու իմաստով, մանաւանդ որ անոր պաշտօնական գործընկերն է «Օրէյնճ»ը: Միջհամայնքային մրցաշարքին պիտի յաջորդէ համաեւրոպական առաջնութիւնը, որուն յառաջացուցած ոգեւորութիւնը պիտի նպաստէ դպրոցական խումբերուն միջեւ մարզական առողջ մրցակցութեան:
«Օրէյնճ» հիմնադրամը կ՛աջակցի Հայաստանի գիւղական շրջաններուն մէջ իրականացնելու այնպիսի նախաձեռնութիւններ, որոնք կը նպաստեն համայնքային կեանքի աշխուժացման եւ գիւղերու կայուն զարգացման: Մրցաշարքի բացման առիթով իր ողջոյնի խօսքին մէջ յայտնեց «Օրէյնճ» հիմնադրամի գլխաւոր քարտուղար Նազարէթ Սեֆերեանը:
«Օրէյնճ»« հիմնադրամի բարեգործական գործունէութեան կարեւոր առանցքներից մէկն է համայնքային զարգացումը եւ երեխաների բարեկեցութիւնը: Ուրախութեամբ ենք մասնակցում Քարակերտ գիւղի վերանորոգուած ֆուտբոլի դաշտի բացմանը, որը նշանաւորւում է այս մրցաշարի մեկնարկով: Դաշտն այսուհետ ծառայելու է այս շրջանի առնուազն 8 գիւղերի բնակիչներին: Սրանով փորձում ենք գիւղի երեխաների համար ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որոնք ունեն նրանց քաղաքաբնակ հասկակակիցները», նշեց Ն. Սեֆերեանը:
«Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի տնօրէն Սերոբ Խաչատրեան իր ելոյթին մէջ ընդգծեց այն հանգամանքը, որ իրենց կողմէ իրականացուող բազմաթիւ ծրագիրներու կարգին կարեւոր տեղ կը գրաւեն միջհամայնքային նախաձեռնութիւնները եւ երեխաներու ամառնային աշխատանքներու եւ հանգիստի կազմակերպումը: