ՊԷՅՐՈՒԹ.- Չորեքշաբթի, 4 Յունիսի երեկոյեան, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ վաստակաւոր արուեստագէտ Կիւվտերի ալպոմի մակագրութիւնը: «Ալպա» համալսարանին կողմէ հրատարակուած այս ալպոմը կը ներկայացնէ Կիւվտերի երկար տարիներու ընթացքին արուեստի մարզին մէջ ունեցած գործունէութեան տարբեր հանգրուանները:
Ձեռնարկին ներկայ էին յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ, քաղաքական անձնաւորութիւններ, արուեստագէտներ, արուեստի դասախօսներ, մեծ թիւով արուեստասէրներ եւ Կիւվտերի նախկին թէ ներկայ ուսանողներ:
Այս առիթով ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի վարչութեան անդամ Քարլա Թիւթիւնճեան, արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան եւ Կիւվտերի նախկին ուսանողներէն ու ալպոմի խմբագիրներէն՝ «Ալպա» համալսարանի արուեստի դասախօս փրոֆ. Ժոզէֆ Հուրանի:
Իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ արուեստագէտ Կիւվտեր, ապա տեղի ունեցաւ ալպոմներու մակագրութիւն:
Յայտնենք, որ այս առիթով կազմակերպուեցաւ նաեւ Կիւվտերի արուեստի ստեղծագործական աշխարհը ներկայացնող ցուցահանդէս մը՝ 4-9 Յուլիսին: