Թեթեւ աթլեթի ամերիկացի յայտնի աստղ, ողիմպիական քառակի ախոյեան Մայքըլ Ճանսըն եւ իր հայուհի կինը, Լոնտոնի ողիմպիականներու սեմին, հարցազրոյց մը տուած են բրիտանական «Տը Թելեկրաֆ» հեղինակաւոր թերթին։
Ճանսըն պատմած է այն մասին, թէ ի՞նչ կը նշանակէ ըլլալ մարզական աստղ, ինչպէս նաեւ խօսած է յաղթելու հաճոյքին մասին։
Յայտնի մարզիկը ամուսնացած է հայուհիի մը՝ խոհարարուհի Արմինէ Շիրինեանի հետ, որուն հետ իր ծանօթութիւնը սկսած է ինը տարի առաջ, Լոս Անճելըսի մէջ։
«Ան կը ստիպէր, որ ես ալ ամէն օր աշխատէի մարզասրահի մը մէջ, իսկ ես կ՛ատեմ ստիպողական մարզանքը։ Սակայն հիմա բաւական փոխուած է, որքա՛ն կը հասուննայ, այնքան աւելի լաւ կը գիտակցի, որ ամէն ինչ չի կրնար կատարեալ ըլլալ», պատմած է Արմինէ Շիրինեան։