ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Իմ նախկին յօդուածներէն մէկուն մէջ նշած էի, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու փափաք յայտնած է հանդիպելու «Սփիւռքի ղեկավարներ»ու հետ, որպէսզի քննարկէ Ցեղասպանութեան հետ կապուած հայկական պահանջները:
Ի պատասխան, ես առաջարկած էի, որ նախքան Տաւութօղլուի հետ հանդիպման հնարաւորութիւնը քննարկելը, ան պէտք է ապացուցէ իր անկեղծութիւնը՝ կատարելով նախնական ութ զիջումներ, որոնցմէ մէկը Հայաստանի Հանրապետութեան՝ Տրապիզոնի թր-քական նաւահանգիստէն առեւտրական նպատակներով օգտուելու արտօնութիւն շնորհելն է:
Անցեալ շաբաթ, թրքական «Կիւնէպաքիս» (Gunebakis) կայքը եւ այլ լրատուամիջոցներ հրապարակեցին Տրապիզոնի նաւահանգիստի տնօրէն Մուզաֆեր Էրմիշի դրական արձագանգը այդ մասին. ««Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի գլխաւոր խմբագիր Յարութ Սասունեան իր վերջին յօդուածին մէջ նշեց, որ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը աշխուժօրէն կը փորձէ երկխօսութեան նախաձեռնել հայկական Սփիւռքին հետ եւ ապա պնդեց, որ անոնք ներգրաւուած են շարք մը հանդիպումներու մէջ, նախքան 2015ը՝ Տեղահանութեան 100րդ ամեակը: Սասունեան, որ խորհուրդ տուաւ Սփիւռքին՝ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն առջեւ չդնել իրարամերժ պահանջներ, թուարկեց այն պահանջները, զորս Միացեալ հայկական պատուիրակութիւնը կրնայ ներկայացնել, ներառեալ այն պահանջը, թէ Հայաստանին պէտք է շնորհել Տրապիզոնի նաւահանգիստէն առեւտրական նպատակներով օգտուելու յատուկ արտօնութիւն»: Gunebakis կայքը հաստատեց, թէ «Տրապիզոն կանաչ լոյս տուած է այդ պահանջին»:
Այնուամենայնիւ, գլխաւոր տնօրէնը դիտել տուած է, թէ «Թուրքիոյ կառավարութեան համաձայնութեան պարագային, մենք պատրաստ ենք: Հայերը կրնան դիւրութեամբ իրականացնել իրենց ներածումն ու արտածումը այս տարածքով: Հայաստանի 7.5 միլիառ տոլար կազմող առեւտրական ծաւալը հիանալի հնարաւորութիւն պիտի ըլլայ Տրապիզոնի համար»: Gunebakis կայքին մէջ տեղադրուած «Հայաստանի Աչքը Տրապիզոնի Նաւահանգիստին Վրայ Է» խորագրեալ յօդուածին մէջ կը նշուի, թէ Հայաստանի ներածումներուն եւ արտածումներու զգալի մասը ներկայիս կ՛անցնի Վրաստանի Փոթի նաւահանգիստէն:
Նաւահանգիստի տնօրէն Էրմիշ նաեւ նշած է Փոթի նաւահանգիստին փոխարէն՝ Տրապիզոնէն օգտուելու առաւելութիւնները: Ան ըսած է, որ Տրապիզոնէն մինչեւ Երեւան հեռաւորութիւնը 430 քիլօմեթր է: «Թէեւ Փոթիի նաւահանգիստը ունի երկաթուղագիծէն օգտուելու հնարաւորութիւն, այնուամենայնիւ, բեռնափոխադրումներուն մէջ կը նկատուին զգալի ուշացումներ: Միւս կողմէ՝ Տրապիզոնի եւ Երեւանի միջեւ կը գործէ յարմարաւէտ մայրուղի, որ հասանելի է օրուան բոլոր ժամերուն: Տրապիզոնի նաւահանգիստէն մինչեւ Ալիճան (Հայաստանի սահմանի Մարկարայի անցակէտ) 400 քիլօմեթր է, իսկ այնտեղէն Երեւան՝ ընդամէնը 30 քիլօմեթր… Որեւէ փոխադրամիջոց, որ կը մեկնի այս կէտէն, Հայաստան կը հասնի 6-7 ժամէն, ինչ որ անհաւատալի առաւելութիւն մըն է այդ երկիրին համար», նշած է Էրմիշ:
Գլխաւոր տնօրէնը հաստատած է նաեւ, որ «Տրապիզոնի նաւահանգիստին կարողականութիւնը կրնայ սպասարկել նոր ծրագիրներու», եւ որ «մենք աւելցուցած ենք նաւահանգիստին կարողականութիւնը 3.9էն 10 միլիոն թոնի: Մենք կ՛օգտագործենք նաւահանգիստի հնարաւորութիւններուն 25 տոկոսը միայն: Պատրաստ ենք առեւտրական որեւէ հնարաւորութեան, որ կրնայ յառաջանալ Հայաստանի առնչութեամբ»:
Նաւահանգիստի տնօրէն Էրմիշի շուտափոյթ եւ դրական արձագանգէն կարելի է յանգիլ քանի մը եզրակացութիւններու.
– Այս համաձայնութիւնը փոխշահաւէտ է թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Թուրքիոյ համար: Տրապիզոնը պիտի օգտագործէ նաւահանգիստի ամբողջ կարողութիւնը, իսկ Հայաստան պիտի խնայէ բեռնաթափման վճարումներէն, պիտի վճարէ փոխադրման նուազ ծախսեր եւ պիտի ունենայ արտաքին աշխարհին հետ ցամաքային այլընտրանքային մուտք մը:
– Գլխաւոր տնօրէնը հանդէս պիտի չգար Հայաստանի հետ համագործակցութեան զգայուն թեմային շուրջ հրապարակային յայտարարութեամբ, եթէ նախապէս առած չըլլար Անգարայի համաձայնութիւնը: Հաւանական է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կ՛օգտագործէ Էրմիշի դրական յայտարարութիւնները՝ իբրեւ փորձնական փուչիկ, տեսնելու համար այդ քայլի աջակիցներուն եւ ընդդիմադիրներուն հակազդեցութիւնը: Որեւէ բացասական արձագանգ չէ եղած թուրք եւ ատրպէյճանցի հակահայ ազգայնամոլներու կողմէ, իսկ հայ առեւտրականները ողջունած են Թուրքիոյ հաւանական այս քայլը:
– Քանի որ Տրապիզոնի նաւահանգիստին ղեկավարը յայտարարած է, որ Հայաստանի բեռները կրնան ուղղակի անցնիլ ներկայիս փակուած հայ-թրքական սահմանով եւ ոչ թէ Վրաստանի միջոցով, ապա նոյնիսկ սահմանի այս սահմանափակ բացումը բեռնափոխադրումներու համար մէկընդմիշտ պիտի վերացնէ չափազանց վիճայարոյց Հայ-թրքական արձանագրութիւններուն անհրաժեշտութիւնը:
Վերջապէս, եթէ Թուրքիան իսկապէս կը փափաքի հաշտութեան անկեղծ դրսեւորում ցուցաբերել, ապա պէտք է ճանչնայ Տրապիզոնը՝ իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին հայերու բնաջնջման մեծագոյն կեդրոններէն մէկը: Տրապիզոնի նաւահանգիստին մէջ պէտք է յուշարձան կանգնեցուի ի յիշատակին հազարաւոր հայ կանանց եւ երեխաներու, որոնք դրուեցան նաւակներու մէջ եւ դաժանօրէն խեղդամահ եղան Սեւ ծովուն մէջ:
Հարկ է նշել, որ ո՛չ Հայաստանին տրուած Տրապիզոնի նաւահանգիստի օգտագործման թոյլտուութիւնը եւ ոչ ալ յուշարձանի կառուցումը կրնան Ցեղասպանութեան փոխհատուցում համարուիլ: Ասոնք պարզապէս քայլեր են, որոնց պէտք է նախաձեռնեն թուրք պաշտօնեաները՝ ապացուցելու համար իրենց բարի կամեցողութիւնը, նախքան հայերուն՝ անոնց հետ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ նստիլը:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ