ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Արցախի մէջ երէկ տեղի ունեցան նախագահական ընտրութիւններ: Միջազգային դիտորդները անմիջապէս վկայեցին, թէ ընտրութիւնները կայացան առանց ակնառու խախտումներու, միջազգային չափանիշերու համաձայն եւ ընտրողներու տպաւորիչ տոկոսի մը մասնակցութեամբ. (Լուրը տեսնել կողքի սիւնակը): Այսօր արդէն արդիւնքները հրապարակուած կ՛ըլլան ու մեր երիտասարդ հանրապետութեան բնակիչները կը վերադառնան իրենց աշխատանքներուն, իրենց կեանքն ու տնտեսութիւնը կազմակերպելու մտահոգութիւններուն:
Գիւղատնտեսութեան եւ յատկապէս ցորենի ցանքով զբաղող արցախցիներուն համար անմիջական մտահոգութիւնը բերքահաւաքն է: Անցեալին անդրադարձած ենք այս հարցին ու մեր ընթերցողներու ուշադրութեան յանձնած, թէ ինչպէ՛ս հնամաշ հնձող մեքենաներով՝ բերքահաւաքը հսկայական կորուստներով կը կատարուի՝ զրկելով գիւղացին իր քրտինքի արդար արդիւնքը ստանալու հնարաւորութենէն:
Ուրախ ենք յայտնելու, որ ընտրութիւններու նախօրէին, Արցախ հասած են ցորեն հնձող գերմանական 11 նոր մեքենաներ, որոնք արդէն իսկ լծուած են բերքահաւաքի գործին: Հին հնձող մեքենաներէն երեք անգամ աւելի ծաւալով գործ ընելու եւ նուազագոյն կորուստով բերքը հաւաքելու կարողութեամբ օժտուած այս մեքենաներու ժամանումը, վստահաբար պիտի խանդավառէ գիւղացիները, յոյս ներշնչելով անոնց, որ մօտիկ ապագային յաւելեալ մեքենաներ եւս կը հասնին Արցախ:
Այս 11 մեքենաները գնուած են Արցախի կառավարութեան եւ գործարար-բարերար Վարդան Սրմաքէշի նախաձեռնած ներդրումային ծրագիրով, որուն մասնակցելու հրաւէր ուղղած էինք ժամանակին՝ այս սիւնակով:
Այս ծրագիրի ներդրողներուն տարեկան ութ տոկոս շահոյթ երաշխաւորուած է Արցախի կառավարութեան կողմէ, որ նաեւ վեց տարի ետք, երեսուն տոկոս զեղչով մեքենան պիտի վաճառէ գիւղացիներուն եւ ամբողջութեամբ պիտի վերադարձնէ ներդրողներուն սկզբնական դրամագլուխը:
Այս օգտակար գործը պէ՛տք է շարունակել: