ԵՐԵՒԱՆ, «eMedia.am».- Սուրիահայ Արոյեաններու ընտանիքը որոշած է բնակութիւն հաստատել Արցախի հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանի հարաւային շրջանի քաղաքներէն մէկուն մէջ:
«eMedia.am»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի Քաշաթաղի շրջանի վերաբնակեցման վարչութեան պետ Ռոբերտ Մաթեւոսեանը:
«Ընտանիքի մեծերը բաւական փորձառու բժիշկներ են: Հնարաւոր է տան գլխաւորը, ով թերափեւտ է, նշանակուի Կովսականի հիւանդանոցի գլխաւոր բժիշկ, կինը՝ էպիդեմիոլոգ (համաճարակագէտ) է, ով նոյնպէս կ՛աշխատի այնտեղ, իսկ ահա ընտանիքի երեխաները՝ մէկական տղայ եւ աղջիկ՝ ուսանողներ են», դիտել տուած է Ռոբերտ Մաթեւոսեան:
Ան աւելցուցած է, որ Սուրիոյ դէպքերէն առաջ արդէն Քաշաթաղի շրջան փոխադրուած էին սուրիահայ 7 ընտանիքներ, որոնք ներկայիս կ՛ապրին Կովսականի մէջ։