ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Անցնող սերունդին պատկանող մեր հայրերն ու մայրերը, յատկապէս հաւատացեալ ընտանիք ունեցողներ, հաւատքի խորունկ արտայայտութիւն իբրեւ, Աստուածաշունչին մէջ ներկայացուած «Ադամ-Եւա»ի մեղանչումին պատճառ եղող օձին նկատմամբ զզուանք ունեցած են միշտ: Զզուանքի նոյն զգացումը անոնք նաեւ փոխանցած են իրենց յաջորդ սերունդներուն, զգուշացնելով զանոնք այդ վտանգաւոր սողունէն, որ մնայուն թշնամի է մարդոց գարշապարին: Ինչպէս Աստուածաշունչը կ՛ըսէ՝ օձը միշտ հետամուտ պիտի ըլլայ խայթելու մարդուն գարշապարը:
Հակառակ այս զգուշացման կոչին, նախապաշարեալ մեր նախնիքը որոշ ակնածանք ունէին այդ վտանգաւոր բայց «իմաստուն» կենդանիին նկատմամբ: Օրինակ, անոր պատկերը միշտ օգտագործած են իբրեւ իմաստութեան խորհրդանիշ: Նոյնիսկ մեր եկեղեցիներուն մէջ անոր կերպով կը պատրաստուին եպիսկոպոսական թէ վարդապետական գաւազանագլուխները: Միւս կողմէ, սովորական ժողովուրդի պարզ հասարակութեան մօտ կար այն նախապաշարումը, որու համաձայն երբ օձին հանած շապիկէն մէկ մասնիկ դնէիր դրամապանակիդ մէջ, հարստութեան պատճառ կը դառնար քեզի համար: Այս հաւատալիքը մինչեւ մեր օրերը հասած է, եւ ծանօթներէս շատերուն դրամապանակին մէջ հանդիպած եմ օձի շապիկի մէկ փոքրիկ մասնիկին:
Մինչեւ այսօր կը հանդիպիմ նաեւ անձերու, որոնք կենդանական յայտագիրներու ընթացքին օձերու մասին ծրագիրներ երբ ցուցադրուին, անմիջապէս կը փոխեն հեռատեսիլի կայանը, զզուելով այդ սողունին տեսքէն, յարձակման մեթոտներէն կամ որսը յափշտակելու բնազդէն: Անոնք չեն կրնար ընդունիլ, թէ այս կենդանին ալ միւսներուն նման Աստուծոյ ստեղծածն է, եւ խայթելու բնազդը անոր մէջ, միւսներուն ունեցած բնազդներուն չափ բնական է:
Գիւղական շրջաններու մէջ ապրողներ վստահաբար հանդիպած են հողին վրայ փռուած օձի շապիկի, որուն մէջէն օձը սահելով դուրս եկած է, վերանորոգելով իր մարմինը: Հաւանաբար երբ ժամանակը հասնի այդ փոփոխութիւնը կատարելու, անոր մորթը իր փայլքը կը կորսնցնէ, բայց երբ իր այդ շապիկը լքէ ու դուրս գայ անոր մէջէն, անոր մորթը ինչքա՜ն փայլուն եւ վրայի գոյները ինչքա՜ն աւելի հարազատ կ՛երեւին: Երբեմն օձի մորթով պատրաստուած կանացի կօշիկներն ու պայուսակները, կամ գօտիներն ու այլ կաշեղէն իրերը ինչքա՜ն գեղեցիկ կ՛երեւին մարդոց աչքերուն, որ նոյնիսկ անոնք կը մոռնան թէ այդ գեղեցիկ կաշին ինչքա՛ն վտանգաւոր սողունի մորթ է, որուն մօտենալէ կը սոսկան յաճախ:
Կաշեգործական ամէնէն սուղ վաճառանիշները յաճախ օձի մորթը կ՛օգտագործեն, եւ անոնցմով իրենց պատրաստած կաշեղէնները միայն որոշ խաւի մարդոց հասանելի կը դառնան: Նոյնը կարելի է ըսել մուշտակագործներուն համար, որովհետեւ անոնք ալ շատ սուղի կը վաճառեն անտառի գազաններուն մորթով պատրաստուած շրջազգեստներն ու այլ գործածական իրերը:
Օձի մորթը, սակայն, միշտ ալ գերադաս եղած է բոլորէն, յատկապէս մեծ ու գունաւոր օձի տեսակներուն մորթը, որոնք Ափրիկէի խորերը թաքնուած են առհասարակ: Այսքան յարգի կաշի ունեցող այս սողունին շապիկ փոխելու բնական մէկ արարքը, հայկական առածանիին մէջ սքանչելի օրինակով ներկայացուած է: Միշտ մարդոց համար կենդանական աշխարհէն քաղուած օրինակներով հարուստ հայկական առակներն ու առածները, այս պարագային նկատի ունեցած են մարդոց բնաւորութեան հաստատ ըլլալուն պարագան, ինչքան ալ բարեփոխումներու ենթարկուին անոնք:
_ Օձը իր շապիկը կը փոխէ, բայց ո՛չ իր բնութիւնը:
Հայկական այս առածին մէջ ներկայացուած օձը, բնութեան մէջ գտնուող այդ վտանգաւոր սողունը չէ՛ բնականաբար, այլ՝ մարդը, որ դաստիարակութեան ճամբով, կրթութեան միջոցով միշտ ուղղութեան կը հրաւիրուի: Սակայն, անիկա ճիշդ օձին նման իր շապիկը կը փոխէ, սակայն ո՛չ բնաւորութիւնը:
Կեանքի մէջ ալ նոյնն է պարագան: Մարդոց միջեւ բարեկամութիւններ կը հաստատուին, ծանօթութիւններ կը ստեղծուին, լաւ յարաբերութիւններ կը մշակուին, սակայն յանկարծ խանգարիչ տարր կը տեսնուի: Այդ խանգարիչը անպայման դուրսէն մէկը չ՛ըլլար, ո՛չ ալ պայմաններու բերումով յայտնուած դժուարութիւն, այլ՝ այդ բարեկամներէն մէկուն բնաւորութիւնը, որուն պատճառով անհասկացողութիւն յառաջ կու գայ: Կողմերը կը փորձեն վերատեսութեան ենթարկել կացութիւնը, հաշտութեան եզրեր կը գտնեն, համախոհութիւն կը ստեղծուի, գործակցութեան նոր հորիզոններ կը բացուին, մէկ խօսքով ամէն ինչ կը նորոգուի, այնպէս ինչպէս օձը իր շապիկը փոխելով կը վերանորոգէ իր մարմինը:
Այստեղ կը ճշմարտուի հայկական առածը, թէ՝ օձը իր շապիկը կը փոխէ, բայց ո՛չ իր բնութիւնը: Եւ դարձեալ կը սկսին խանգարումներ յառաջ գալ այդ բարեկամութեան մէջ: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ անոնք կարծեցին թէ ամէն բան լուծուեցաւ կամ հարթուեցաւ: Մինչդեռ եղածը պարզապէս ժամանակաւոր փոփոխութիւն էր, ինչպէս օձը, որ ժամանակաւորապէս փայլ պիտի ունենայ իր նոր շապիկին մէջ: Որոշ ժամանակ ետք դարձեալ պիտի տժգունի անոր մորթը, հողին վրայ քսուելէն ու փոշոտուելէն, եւ կամ գետին թափած չոր տերեւներուն մէջէն անցնելէն:
Ընկերային կեանքը նոյն երեւոյթը կը պարզէ ամէն օր: Այդ իսկ պատճառով, փորձառու մարդիկ իրենց զաւակներն ու երիտասարդները կը խրատեն, զգուշանալ վատ բնաւորութեամբ մարդոցմէ, որոնք անուղղայ կ՛ըլլան: Օձը իր բնութենէն կը հրաժարի՞, կամ բարի օձի մասին կարելի՞ է մտածել: Օձը՝ օձ է, եւ իր բնութիւնը երբեք պիտի չփոխէ: Անիկա իր շապիկը միշտ պիտի փոխէ, եւ ամէն անգամ այն խաբկանքը տայ շրջապատին, թէ՝ ինք փոխուած է ամբողջութեամբ: Սակայն փոխուածը պարզապէս իր շապիկն է, եւ ո՛չ թէ իր բնութիւնը:
Օձին շապիկը իւրայատուկ վաճառանիշ ունի, ինչպէս հագուստի կամ պայուսակի աշխարհահռչակ վաճառանիշներ: Օձի շապիկին վաճառանիշը կը կոչուի՝
_ Խաբեբայութիւն:
Անոր շապիկ փոխելու արարքը, պարզապէս խաբելու համար է դիմացինը, համոզելու զայն, թէ ինք փոխուած է, նախկինը չէ՛, աւելի գեղեցկացած է ու… բարիացած: Սակայն աշխարհի մարդկութիւնն ալ ներկայ ժամանակներուն Եւայի միամտութիւնը չունի: Մէկ անգամ անձը ճանչնալը բաւարար է, որ անոր լարած թակարդին մէջ ուրիշ առիթով չիյնայ մարդ:
Չար կամ վատ բնաւորութեամբ մարդոց հոգեկան աշխարհին մէջ միայն Աստուած կրնայ փոփուխութիւն յառաջ բերել, Իր Սուրբ Հոգիին միջոցաւ: Այլապէս կրթութիւն, դաստիարակութիւն, ազնիւ վերաբերում, ցուցաբերուած համեստութիւն եւ այլ միջոցներ, պարզապէս ժամանակի կորուստ պիտի համարուին, եւ միւս կողմէ, անուղղայ բնաւորութեամբ անձին կողմէ՝ ծիծաղի առարկայ դառնան:
Հայկական առածը նոյն ուժգնութեամբ պիտի շարունակէ յիշեցնել մեզի, թէ՝
_ Օձը իր շապիկը կը փոխէ, բայց ո՛չ իր բնութիւնը: