ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ամիսներէ ի վեր Սուրիա կը գալարուի աշխարհաքաղաքական ու ներքին–քաղաքացիական ծանրակշիռ տագնապի մը մէջ։

Միջին–արեւելեան տարողութեամբ ընդգրկուն այդ տագնապին ռազմաքաղաքական կործանիչ հետեւանքները արդէն վտանգած են անդորրն ու ապահովութիւնը ինչպէս ամբողջ Սուրիոյ, նոյնպէս եւ անոր բնակչութեան անբաժան մասը կազմող հայկական գաղութին։
Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ, տարի մը առաջ, ուսանողական եւ երիտասարդական ցոյցերով ծայր առած քաղաքացիական բողոքի շարժումը արագօրէն մխրճուեցաւ իսլամական միջ–համայնքային՝ սիւննի արմատականութեան եւ ալաուի իշխանապետութեան միջեւ զինեալ հակամարտութեան աւազուտքին մէջ։
Ամիսէ ամիս ընդհարումները սաստկացան օրինապահ զօրքերուն եւ ապստամբ զինեալներուն միջեւ, ընդարձակուեցան եւ կրակի տուին գրեթէ ամբողջ երկիրը եւ ահա, այս օրերուն, բուռն բախումներու թատերաբեմ դարձուցին նաեւ Հալէպը, որ կը հանդիսանայ ոչ միայն Սուրիոյ տնտեսապէս ամէնէն աշխոյժ կեդրոնը, այլեւ սուրիահայ գաղութի բաբախուն սիրտն ու աշխարհով մէկ ցրուած հայկական Սփիւռքի աւանդաշատ խարիսխներէն մէկը։
2000ականներու վերջերը հիւսիսային Ափրիկէէն մինչեւ Ծոցի երկիրներ տարածուած Արաբական Գարունը, բնականաբար, իր շունչով պիտի վարակէր նաեւ Սուրիան, որ միշտ ալ նկատուած է Արաբական Աշխարհի քաղաքակրթական կարեւոր օրրաններէն եւ յառաջադէմ դրօշակիրներէն մէկը։
Մանաւանդ որ ժամանակակից Սուրիոյ կառավարման համակարգը եւ զայն ղեկավարող Պաաս կուսակցութիւնը, կէս դարէ ի վեր, կը հակակշռուի Ասատ ընտանիքի բացարձակ մենիշխանութեամբ։
Արաբ–ազգայնական եւ խորհրդային թեքումով ընկերվարական գաղափարներ դաւանող Պաաս կուսակցութեան մենիշխանութիւնը Սուրիոյ մէջ հաստատուեցաւ 1950ականներու վերջաւորութեան, երբ Նասըրականութեան Եգիպտոսի մէջ արձանագրած յաղթանակը իր ալիքները տարածեց մինչեւ Իրաք, Սուրիա եւ մասամբ Լիբանան։ Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ միջեւ մինչեւ իսկ պետական «միութիւն» հռչակուեցաւ, բայց կարճատեւ կեանք ունեցաւ եւ իր տեղը զիջեցաւ Իրաքի ու Սուրիոյ մէջ մակընթացութիւն ապրող Պաասի իշխանութեան։
Պաասի յաղթարշաւը, մանաանդ տնտեսական կեանքի մէջ պետականացումներու իր կարծր քաղաքականութեամբ, որոշակի խուճապ առաջացուց Սուրիոյ յատկապէս հարուստ խաւին, ինչպէս եւ ընդհանուր առմամբ արհեստաւոր ու ազատ ասպարէզի տէր դասակարգերուն մօտ։ Խուճապը վարակեց նաեւ մտաւորականութիւնն ու երիտասարդ–ուսանող սերունդը, որոնք դժգոհ էին առաւելաբար քաղաքական եւ քաղաքացիական ազատութեանց վրայ պարտադրուած պետական–միակուսակցական կաշկանդումներէն։
Ընդհանրական այդ խուճապը իր հունով տարաւ նաեւ սուրիահայ կեանքը։
Մեծ մասամբ Կիլիկիոյ վերջնական պարպումէն ետք հայութիւնը հարիւր հազարներով հաստատուեցաւ Սուրիա, որ 1920ականներուն՝ իբրեւ ֆրանսական հոգատարութեան յանձնուած միացեալ պետութիւն՝ կ՛ընդգրկէր նաեւ այժմու Լիբանանը։ Հալէպի, Դամասկոսի եւ սուրիական այլ քաղաքներու եւ գաւառային շրջաններու մէջ հայեր ապրած են հին ժամանակներէն։ Բայց Մեծ Եղեռնէն եւ Կիլիկիոյ պարպումէն ետք է, որ Սուրիոյ (ներառեալ Լիբանանի) տարածքին ստեղծուեցաւ Արաբական Աշխարհի ամէնէն հայաշատ խարիսխը։ Հայեցի դիմագիծով ու աւանդութիւններով ամրակուռ խարիսխ մը, որ ոչ միայն ազգային առումով մեծ զարթօնք ապրեցաւ եւ քաղաքացիական իմաստով նկատառելիօրէն սատարեց Սուրիոյ ու Լիբանանի շէնացումին, այլեւ՝ հայապահպանման շունչ հասցուց աշխարհասփիւռ հայութեան։
1960ականներու սկզբնաւորութեան Սուրիան վարակած արտահոսքի ընդհանուր խուճապը աւելիով շեշտուեցաւ հայ գաղութի պարագային, որովհետեւ տնտեսական եւ քաղաքացիական կաշկանդումներուն վրայ գումարուեցան, նաեւ, մէկ կողմէ պետական կրթական քաղաքականութեան շեշտակի արաբականացումին հետեւող սեղմումները, իսկ միւս կողմէ Հայ Դատի պայքարին մարտունակ կազմակերպումին եւ Դաշնակցութեան հակաթուրք ու հակախորհրդային գործունէութեան արգիլումը։ Քանի մը տարուան ընթացքին բազմահազար հայեր, մտաւորական ու գործունեայ ուժերով հանդերձ, հեռացան Սուրիայէն, անցան Լիբանան եւ հոնկէ ալ եւրոպական ու ամերիկեան ափեր։
Այդպէ՛ս կծկուեցաւ եւ փոքրացաւ Սուրիոյ երբեմնի մեծ հայօճախը, որ այդուհանդերձ պահպանեց իր հայապահպանման ու ազգային ինքնակազմակերպման առոյգ կռուանները։ Վերապրեցաւ սեղմումներէն, սուրիական կեանքէն ներս վերահաստատեց իր ձեռներէց դերակատարութիւնը եւ քայլ առ քայլ վերականգնեց իր յառաջապահ դիրքերը հայաշխարհի տարածքին։
Ինչ կը վերաբերի Սուրիան հարուածող մերօրեայ տագնապի անմիջական ենթահողին, 1960ականներու ամբողջ տեւողութեան եւ մինչեւ 1969ին Նասըրի մահը, Սուրիա թէեւ ապրեցաւ Պաասի միահեծան իշխանութեան ներքեւ, այդուհանդերձ կռուախնձոր դարձաւ՝ միեւնոյն կուսակցութեան ղեկավար ու հակամարտ թեւերուն միջեւ, սիւննի մահմետականներ ըլլային անոնք թէ քրիստոնեայ ուղղադաւաններ։ Պաասի ղեկավարութեան ներքին խմբաւորումները, ապաւինելով սուրիական զօրքերու այս կամ այն հատուածին զօրակցութեան, իրարու դէմ ելան անընդհատ եւ, ամբողջ տասնամեակ մը, պետական իրերայաջորդ բռնաշրջումներու թատերաբեմ դարձուցին այլապէս կայուն, Ֆրանսական հոգատարութեան ժամանակներէն ժողովրդավարական զարգացման որոշակի ուղի կտրած հնաւանդ այս երկիրը։
1970ին Սուրիական օդուժի երիտասարդ հրամանատարներէն զօր. Հաֆէզ Ասատ, որ ալաուի մահմետական էր եւ մաս կը կազմէր Պաասի ղեկավար վերնախաւին, կազմակերպեց ու յաջողութեամբ պսակեց Սուրիան ցնցած պետական բռնաշրջումներուն վերջինը եւ վերջնականը։ Վերջնական՝ այն իմաստով, որ այդ բռնաշրջումէն ետք ամբողջ 42 տարի իշխանութեան ղեկին անսասան մնաց Ասատ ընտանիքի տիրապետութիւնը՝ նախ 30 տարի Հաֆէզ Ասատի եւ ապա, վերջին տասնամեակին, Պաշշար Ասատի նախագահութեամբ։ Ասատներու օրով փակուեցաւ էջը պետական հարուածներու եւ Սուրիա ունեցաւ անդորրութեան, արդիականացման եւ ազատ–շուկայական բարգաւաճման երկարատեւ շրջան մը, որուն համար Սուրիոյ ժողովուրդը, ներառեալ հայութիւնը, անշուշտ վճարեց ծանր գին՝ ընդունելով ու համակերպելով ապրիլ մենիշխանութեան հետ եկող ամէն կարգի կաշկանդումներու տակ։
Առանց այդ ծանր գինը վճարելու, Սուրիան դժուար թէ դիմանար թէ՛ իր ներքին հակասութիւններուն, թէ՛ արաբական աշխարհը բաժան–բաժան պառակտելու իսրայէլեան յարձակողական քաղաքականութեան, որ 1948էն ասդին հետեւողականօրէն կիրարկուեցաւ՝ սկզբնապէս Մեծն Բրիտանիոյ, իսկ 1956էն ետք Միացեալ Նահանգներու «օրհնութեամբ»…
Իսրայէլի զինակից եւ սուրիական հողերուն նկատմամբ յաւակնութիւններ սնուցանող թրքական ծաւալապաշտութեան դէմ եւս Սուրիա պէտք ունէր քաղաքական այդ ներքին կայունութեան։ Ասատներու իշխանութիւնը թէեւ զարկ տուաւ Թուրքիոյ հետ բարի–դրացիական յարաբերութեանց, բայց բնաւ չհրաժարեցաւ Աղեքսանդրէթի իր իրաւատիրութենէն։
Պատմաքաղաքական այս հակիրճ խորապատկերով դիտուած, Սուրիոյ մերօրեայ տագնապը անկասկած հետեւանք է անլոյծ մնացած ներքին հակասութեանց կուտակումին յառաջացուցած պայթումին։
Բայց առնուազն ճշմարտութեան դէմ մեղանչում պիտի ըլլայ այն պնդումը, թէ այդպիսի՛ հակասութիւններու մէջ բռնուած ու բռնատիրութեան տակ ապրող երկիր մը ըլլալով, աւելի քան բնական է ու հասկնալի սուրիական տագնապին այսօրուան բորբոքումը։
Ո՛չ. Սուրիոյ մերօրեայ տագնապը միայն ներքին հակասութեանց կուտակումին հետեւանք չէ։
Այսօր ի գործ դրուած է Սուրիան ներքնապէս պայթեցնելու մեծ դաւ մը, որուն ուղղակիօրէն մեղսակից է նոյնինքն թրքական պետութիւնը։
Չենք անտեսեր, որ յատկապէս 1989ի Պերլինի Պատին խորտակումէն ետք, ինչպէս արեւելեան Եւրոպայի տարածքին, այնպէս ալ Արաբական Աշխարհի մէջ թէ աշխարհի չորս ծագերուն, «ամերիկեան միաբեւեռ աշխարհակարգ»ի հաստատման զուգահեռ, թափ առին ամէն կարգի ազատատենչ շարժումները, որոնց շարքին՝ Սուրիոյ ժողովրդավարացման արդարացի շարժումը։
Հայ քաղաքական միտքը բաւականաչափ փորձ ունի, որպէսզի հասկացողութեամբ ընկալէ արաբական ազգին, նաեւ մահմետականութեան արդարացի պահանջները։
Հայութիւնը ոչ միայն հասկացողութեամբ կը մօտենայ, այլեւ իր կարգին կողմնակից է, որ Սուրիոյ կառավարման համակարգը անհրաժեշտօրէն կը կարօտի հիմնական բարեկարգումներու։
Բայց միաժամանակ ու մանաւանդ չենք կրնար անտեսել, որ Սուրիոյ ներքին տագնապին հրահրումով՝ իրենց աղտոտ լաթերը լուալ կը փորձեն շրջանային ու մեծապետական տարաբնոյթ ուժեր, որոնց շարքին Հայ Դատի պայքարին ուղղակի թշնամի Թուրքիան։
Աւելի՛ն. Սուրիոյ ժողովրդավարացման հասնելու ճամբան զինեալ առճակատումը չէ, չի՛ կրնար ըլլալ։
Սուրիոյ հայութիւնը ազգային եւ քաղաքացիական կազմակերպուածութեան բաւարար ներուժը ունի, որպէսզի սուրիական հայրենիքի մերօրեայ ճգնաժամը դիմագրաւէ անհրաժեշտ շրջահայեցութեամբ։
Սուրիացի ժողովուրդին թշնամիները Սուրիոյ մէջ պէտք չէ փնտռել։
Իսկ Սուրիոյ ներքին հակասութեանց բարւոք լուծումը ամէն բանէ առաջ եւ վեր քաղաքացիական սրտբաց երկխօսութիւն կը պահանջէ հաւասարապէս բոլորէն՝ թէ՛ իշխանութեան ղեկին գտնուող ուժերէն, թէ՛ ներկայ վարչակարգի թերութիւնները սրբագրելու պահանջով պայքարի ելած շարժումներէն։
Սուրիոյ հայ համայնքը ուսանելի շատ բան ունի դրացի Լիբանանը հարուածած երկարամեայ քաղաքացիական տագնապէն, յատկապէս տագնապի ընթացքին լիբանահայ համայնքի որդեգրած քաղաքացիական ուղղութենէն՝ հակամարտ կողմերուն միջեւ երկխօսութեան հաշտարար կամուրջ մը պահպանելու հետեւողական դիրքորոշումէն։
Վերջապէս, Հայկական Սփիւռքի սուրիական խարիսխը պահպանելու եւ ամրապնդելու մարտահրաւէրը կը դիմագրաւենք նաեւ ազգովին՝ Հայաստանի Հանրապետութենէն ու Արցախէն մինչեւ հայաշխարհի մերձաւոր եւ հեռաւոր գօտիները։
Հայաստանի անկախութեան վերականգնումէն ասդին առաջին անգամ ըլլալով՝ սուրիահայ գաղութի տարողութեամբ հայօճախ մը ծանրակշիռ տագնապի մէջ է, որուն տէր կանգնելու եւ անհրաժեշտ օգնութիւնը հասցնելու առաջնահերթ օրակարգը դրուած է Հայաստանի իշխանութեանց ու հասարակական–քաղաքական ուժերուն առջեւ։
Յատկապէս թրքական սադրիչ դերակատարութեան հանդէպ աչալուրջ գտնուելու հրամայականը շեշտուած է Հայաստանի համար։
Զգալի զօրաշարժի մէջ է նաեւ ամբողջ Սփիւռքը, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի առաջնորդութեամբ՝ պարզած է Հայաշխարհի սուրիական խարիսխը պահպանելու եւ ամրապնդելու դրօշը։
Սուրիոյ հորիզոնին կուտակուած մութ ամպերը յղի են ծանրակշիռ հետեւանքներով։
Վտանգին համարժէք քաղաքական զգօնութիւն, քաղաքացիական գիտակցութիւն եւ ազգային պատասխանատուութեան ոգի կը պահանջուի բոլորէս։
Այս Էջը Կը Հովանաւորէ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ
Վերջապէս սպառիչ գնահատական մը, որու կարիքը շատոնց էր հասունցել, սակայն վերջին յոթ տասնամեակներու վայրիվերումների հետևանքով թուլացած սուրիոյ հայկական համայնքը պետք է անհապաղ համոզվի, որ հանձինս ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ իր հարցերը բարձրացնող ունի ընդհուպ մինչեւ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդը։ Եթե ավելի անմիջական արտահայտուենք` ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ` ԻՐ ԱՆԿԱԽ ԵՐԿԻՐ ԸԼԼԱԼՆ ԱՊԱՑՈՒՑԵԼՈՒ ՎԵՐՋԻՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆ Է։