
ԵՐԵՒԱՆ.- «Այսօրուայ մեր պահանջն է անյապաղ ազատ արձակել Տիգրան Առաքելեանին, արդարացնել Հայ Ազգային Կոնգրեսի միւս երեք աքթիւիսթներին», Գլխաւոր դատախազութեան շէնքի առջեւ ուրբաթօրեայ բողոքի ցոյցին ընթացքին յայտարարեց Հայ Ազգային Կոնգրեսի գործիչներէն Արեգ Գէորգեան:
Շէնքին առջեւ էին նաեւ Ազգային ժողովի ՀԱԿի խմբակցութեան պատգամաւորներ, գործիչներ, որոնք կը վանկարկէին՝ «Ա-զա-տու-թիւն, Ա-զա-տու-թիւն»:
Բողոքի ցոյցին կը հսկէին մեծաթիւ ոստիկաններ: