ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ընկեր մը անկեղծ զրոյցի կը բռնուի հետս: Ներքին ահաւոր անհանգստութիւն մը դիւրագրգիռ դարձուցած է զիս, կ՛ըսէ: Ամէն Աստուծոյ օր, նո՛ր խնդիրներ, նո՛ր տագնապներ, հին տագնապներու բարդացումներ, կուտակումներ, որոնց լուծման համար թերթի կոչերը, դիմումները, աղերսանքները, թախանձանքները, առաջարկները, յորդորները եւ այսօրինակ բառակոյտեր, եթէ նոյնիսկ ազդած են որոշ շրջանակներու վրայ, տակաւին՝ այսպէս կոչուած՝ բեկումնային բարեփոխութիւններ չեն կրցած իրականացնել՝ սպառնալիօրէն մաշեցնելով անոր համբերութիւնը:
Ես ալ անմիջապէս կրնամ համաձայնիլ ընկերոջս ու հաստատել, որ ինք առանձինն չէ այդ հոգեվիճակը ապրող, եւ որ կան բազմաթիւ ուրիշներ, որոնք կը կիսեն իր ընդվզումը:
Լուծումը: Կրնաս ամէն ինչ մէկ կողմ դնել, հայկական իրականութենէն փախուստ տալ, ուրիշ միջավայրեր փնտռել եւ հանգիստ կեանք մը ապրիլ: Շատեր այդպէս կ՛ընե՛ն արդէն: Քու, մեր մեղքը ի՞նչ է:
Ատիկա լուծում չէ, կ՛ըսէ ընկերս՝ ամչցնելով զիս: Այդ մասին մտածել իսկ չեմ կրնար: Եթէ այդպէս մտածեմ՝ ուրիշ մարդ կը դառնամ, ինչ որ, կարծեմ, աւելի իսկ անհանգիստ պիտի ընէ զիս, նոյնիսկ՝ կրնայ հիւանդացնել:
Լաւ, ուրեմն, կը մնայ դիմադրականութիւնդ ուժեղացնել եւ անսահման համբերութեամբ զինուած նետուիլ աշխատանքի, ձայնակցիլ կոչերուն, օրինակ դառնալ՝ իւրաքանչիւր կարեւոր խնդիրի լուծման մասնակից դառնալով, եւ առանց յուսահատութեան, մշտանորոգ խանդավառութեամբ դիմագրաւել դիմացդ ցցուող նոր խնդիրները, նոր տագնապները… գիւտ մը ըրած ըլլալու յաւակնոտ ժպիտով խրատ կը կարդամ ընկերոջս:
Ամէնէն կարեւորը՝ ներքին ներդաշնակցութիւն ու հաւասարակշռութիւն պահելն է, աջ ու ձախ ուրիշներ մեղադրելով, պախարակելով, դատապարտելով՝ քանդիչ մթնոլորտ չստեղծելն է. ինք կը խրատէ այս անգամ:
Ուրեմն, անցնինք գործի. օրակարգը՝ դարձեալ Սուրիահայութիւն, սահմանամերձ գիւղեր, Արցախ, վերաբնակեցում, Ջաւախք… կարգը, առաջնահերթութիւնը:
Ինծի համար բոլորը առաջնահերթ են, բոլորը մէկ ամբողջութիւն են, կ՛ըսէ ընկերս: Չե՛ս կրնար չհամաձայնիլ: