ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանական բանակը կրկին կորուստ ունեցած է: Զինուորներէն մէկը գնդակահարած է իր ծառայակիցը։ Ատրպէյճանական «ԱՓԱ» լրատու գործակալութեան համաձայն, դէպքը տեղի ունեցած է Ղազախի շրջանին մէջ գտնուող զօրամասին մէջ: Զինուոր Պահրուզ Ռահիմով մահացած է իր ծառայակիցի «անզգուշութեան» իբրեւ հետեւանք արձակուած գնդակէն: Նշուած է, որ դէպքը տեղի ունեցած է ինքնաշարժ մաքրելու ընթացքին։ Ռահիմով իսկոյն մահացած է։ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հաստատած է փաստը: 9 Օգոստոսի դրութեամբ ատրպէյճանական բանակին մէջ 61 զինուոր մահացած է, 59 ուրիշներ տարբեր պատճառներով վիրաւորուած են։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.