ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Թուրքիոյ Մարտին մարզի Քըզըլթեփէ շրջանին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Գէորգ եկեղեցին կիսաւեր վիճակի մէջ վերադարձուած է հայ համայնքին: Սուրբ Գէորգը նախապէս վերակառուցելու փորձ իրականացած է, սակայն աշխատանքներուն ընթացքին փլուզուած է եկեղեցւոյ տանիքը:
Ըստ թրքական «Ռատիքալ» թերթին՝ եկեղեցին բաւական հին է, սակայն կառուցման յստակ թուականը յայտնի չէ: Անիկա տարիներ շարունակ Թուրքիոյ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան կողմէ օգտագործուած է իբրեւ պահեստ, եւ բացայայտուած է, երբ գրող, հրատարակիչ Ռակըփ Զարաքօլու այցելեց շրջանը:
2004էն ի վեր պաշտպանութեան տակ առնուած եկեղեցին վերանորոգելու որոշում տրուած է, սակայն մինչ նորոգման իրագործումը՝ եկեղեցւոյ պահակը եօթը մեթր փոս մը փորած է հոն՝ գանձ որոնելու նպատակով:
Տակաւին վերակառուցման սպասող եկեղեցւոյ տանիքի փլուզումէն ետք միայն անիկա վերադարձուած է Հայ կաթողիկէ Ս. Գէորգ հիմնադրամին:
Այժմ եկեղեցիէն միայն պատերը մնացած են: Իբրեւ պահեստ ծառայելու տարիներուն` եկեղեցւոյ մէջ կառուցուած են թրծաշաղախէ աստիճաններ:
Եկեղեցւոյ վերջնական տեսքը վերջերս լուսանկարած Զուպէյտա Սարը յայտնած է, թէ եկեղեցւոյ գոյութեան մասին չէ յայտնաբերուած մինչեւ 2000ական տարիները. «Անկէ ետք իմացանք, որ Քըզըլթեփէի մէջ եկեղեցի մը կայ, սակայն անունը յայտնի չէ եւ աւերակի վերածուած է: Իբրեւ պահեստ օգտագործուած տարիներուն, եկեղեցւոյ մէջ աւելցած են թրծաշաղախէ մասեր: Տանիքի փուլ գալէն ետք՝ անիկա վերադարձուած է Մարտինի Հայ կաթողիկէ համայնքին եւ անոնց տեղեակ պահուած է, թէ իրաւունք ունին վերանորոգելու զայն», պատմած է Սարը:
Gongratulations and the Glory and the Honor goes to our Lord Jesus Christ.
Thank you Mr. Ragip Zarakolou.
God bless all of you who participate for the success of this vital issue.