
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 15 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ Հայաստան-Պելոռուս բարեկամական հանդիպումը, որուն ընթացքին մեր հաւաքականը պարտութիւն կրեց 1-2 արդիւնքով:
Հանդիպման առաջին վայրկեաններուն Հայաստանի ընտրանին սկսաւ աւելի բաց ֆութպոլով: Դէպի բերդ առաջին հարուածը կատարեց Եուրա Մովսիսեանը, սակայն բերդապահը կրցաւ կասեցնել: Հանդիպումը հետզհետէ աւելի հետաքրքրական դարձաւ, Հայաստանի մարզիկները աւելի տիրական ներկայութիւն էին դաշտին վրայ։
Հանդիպման կիսուն առանձին գտնուելով բերդապահին դիմաց, Մարկոս Պիզելին ուժգին հարուած մը տուաւ, սակայն Պելոռուսի ընտրանին փրկեց դարպասաձողը: Իր հերթին սխալ շարժում կատարեց Գէորգ Ղազարեանը, որ գտնուելով բերդապահին դիմաց գնդակը հարուածեց ուղիղ անոր ուղղութեամբ: Պելոռուսի մարզիկները երբեմն յարձակում կը գործէին, սակայն ապարդիւն։
Կիսախաղի աւարտին հանդիպումին ընթացքին ոչ մէկ կոլ արձանագրուած էր, սակայն վերջին վայրկեանին Պարտինի Պրեսան Ռենանը արձանագրեց առաջին կոլը։
Երկրորդ կիսախաղին Վարդան Մինասեան քանի մը փոփոխութիւններ կատարեց՝ փորձելով փոխել խաղին ընթացքը: Հանդիպման 60րդ վայրկեանին՝ անցնելով արագ հակայարձակումի, առաջին կոլի հեղինակը արձանագրեց երկրորդ կոլը։
Մեր հաւաքականը փորձեց հակակշիռի տակ առնել խաղը: Հանդիպման 73րդ վայրկեանին Մովսիսեանի հարուածէն ետք կոլ արձանագրեց Տմիթրի Վորխովցովը՝ արդիւնքը հասնելով 1-2ի:
Հանդիպումը աւելի հետաքրքրական դարձաւ, երբ հանդիպման վերջին վայրկեաններուն մարզադաշտի լոյսերը մարեցան, սակայն անոնց վառելէն ետք իսկ ոչ մէկ կոլ արձանագրուեցաւ։
Սեպտեմբերին սկսելիք ֆութպոլի 2014 թուականի աշխարհի առաջնութեան ընտրական հանգրուանէն առաջ ասիկա մեր ընտրանիին վերջին հանդիպումն է: Ազգային հաւաքականը յաջորդ հանդիպումը պիտի ունենայ 7 Սեպտեմբերին՝ մրցելով Մալթայի դէմ: