ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– 16 Օգոստոսին Ազատութեան հրապարակէն շուրջ 100 անձեր բացագանչութիւններով ու պաստառներով ուղղուեցան դէպի Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) երեւանեան գրասենեակ՝ կոչ ուղղելով չլռել ՀԱԿի երիտասարդներու հետապնդման հարցով։
Ընդդիմադիրները կը հաստատէին, որ հետապնդումը տեղի կ՛ունենայ զուտ քաղաքական դրդապատճառներով: Առաջին ատեանի դատարանը Հայ Ազգային Կոնգրեսի 4 գործիչներ դատապարտած է 6 տարուան բանտարկութեան, իսկ անոնցմէ Տիգրան Առաքելեանը արդէն մէկ տարիէ բանտը կը գտնուի։
Երթին կը մասնակցէր նաեւ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանը, որ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ ինք կը մասնակցի իբրեւ սովորական քաղաքացի, քանի որ անարդար կը նկատէ դատարանին տուած որոշումը: Անոր համաձայն, 7 գործիչներէն 7ն ալ պէտք է ազատ արձակուէին, 3ին գործը առանձնացնելն ու զանոնք ազատ արձակելը «անտրամաբանական է»:
Կոնգրեսի երիտասարդ գործիչներէն Արեգ Գէորգեան, որ երթին կը մասնակցէր, յայտնած է, որ ԵԽԽՎն հետեւողական չէ եղած եւ դաւաճանած է իր սկզբունքներուն
Արեգ Գէորգեան դիտել տուած է, որ ԵԽԽՎին համար անթոյլատրելի պիտի ըլլայ որեւէ երկրի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու առկայութիւնը։
3 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած Արտակ Կարապետեան «Ազատութիւն» կայանին յայտնած է, որ յաջորդող օրերուն իր հաշուոյն տրուած վճիռին դէմ պիտի բողոքեն, սակայն իրեն համար տակաւին յստակ չէ, որ հարցը որքան կը ձգձգուի եւ արդիւնքը ի՛նչ կ՛ըլլայ։
Երթի մասնակիցները նամակ յանձնեցին ԵԽԽՎի երեւանեան գրասենեակի աշխատակիցին: