ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի հինգ մարզերու՝ Արարատի, Արմաւիրի, Արագածոտնի, Լոռիի եւ Շիրակի աւելի քան 500 համայնքներուն մէջ կայանալիք Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն համար առաջադրուած են 950 թեկնածուներ, որոնցմէ իրենց թեկնածութիւնը յետս կոչած են 50 անձեր:
Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողaովի կայքէջին համաձայն, իրենց թեկնածութիւնը յետս կոչած են կարգ մը համայնքներու ղեկավարներ, ինչպէս՝ Արարատի Մխչեան համայնքի ՀՀԿական ղեկավար, ինքնառաջադրուած Աշոտ Իսաջանեանը, Արմաւիրի Լուկաշին համայնքի ղեկավար, ՀՀԿի կողմէ առաջադրուած, ՀՀԿական Փանոս Խորոզեանը, Հայկաշէն համայնքի ղեկավար, ՀՀԿական, ՀՀԿի կողմէ առաջադրուած Բագրատ Յովհաննիսեանը, æանֆիդա համայնքի ՀՀԿական ղեկավար, ՀՀԿի կողմէ առաջադրուած Էդիկ Մանուկեանը, Լոռիի Արեւաշող համայնքի հանրապետական ղեկավար, ՀՀԿի կողմէ առաջադրուած Վարուժան Խաչատրեանը, Տաշիր համայնքի անկուսակցական, ինքնառաջադրուած ղեկավար Նշան Սողոյեանը: Շիրակի մարզի Ա-խուրեան համայնքին մէջ թեկնածութիւնը վերցուցած է համայնքի ղեկավարի տեղակալ, ինքնառաջադրուած, անկուսակցական Լիպարիտ Տիգրանեանը, Գիւմրիի մէջ՝ անկուսակցական, ինքնառաջադրուած թեկնածու Ռաֆայէլ Ասատրեանը:
9 Սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն արդէն արձանագրուած է շուրջ 900 թեկնածու: Վերջիններս իրենց գոյքի եւ եկամուտներուն մասին յայտարարագիրները պէտք է ընտրատարածքային ընտրական յանձնաժողովին ներկայացնեն 16-20 Օգոստոս։ Թեկնածութիւն առաջադրելու ժամկէտը աւարտած է, իսկ յետս կոչելու վերջնական թուականը 30 Օգոստոս է։ Նախընտրական քարոզչութիւնը տեղի պիտի ունենայ 22 Օգոստոսէն մինչեւ 7 Սեպտեմբեր: Ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 9 Սեպտեմբերին, արդիւնքները պիտի յայտարարուին 14ին։