
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հայաստան-Թուրքիա սահմանին վրայ Անիի մէջ հնագիտական պեղումներն ու վերանորոգութեան աշխատանքները յառաջ կը տարուին ամրան ամիսներուն։ Այս մասին հրատարակուեցաւ թղթակցութիւն մը, ուր կ՛ըսուի, թէ Անիի մէջ կան հազարաւոր տարիներէ մնացած հնութիւններ, որոնք կը սպասեն, որ երեւան հանուին ու լոյս սփռեն պատմութեան ու անցեալին վրայ։ Պեղումներու աշխատանքը կը կատարուի միայն այն ամիսներուն, երբ համալսարանները փակ են, եւ ասիկա անպատեհ է, որովհետեւ պեղումները պէտք է շարունակուին տարին 12 ամիս։ Ուրիշ հարց մըն ալ այն է, որ այստեղ գիտական աշխատանք տանող գիտնականներուն ու գործաւորներուն համար կացարան մը չկայ, եւ անոնք ամէն օր պարտաւոր են 45 քիլօմեթր ճամբայ կտրելու՝ Կարսէն Անի երթալու համար։
Այս տարի պեղումի աշխատանքը սկսաւ Յուլիսի կէսերուն եւ պիտի շարունակուի մինչեւ Սեպտեմբեր 15։ Կարսի թանգարանի տնօրէն Նեճմետտին Ալփի նախագահութեան ներքեւ է որ վերանորոգութեան այս աշխատանքը յառաջ կը տարուի։
1909 թուականին առաջին պեղումը կատարուած էր Նիկօ Մարի )Նիկողայոս Մար) կողմէ, Ապուղամրենց եկեղեցւոյ շուրջ, եւ այդ օրէն մինչեւ այսօր շօշափելի աշխատանք մը չէ տարուած։ 1943էն ասդին, մասնագէտ խմբակներու կողմէ կատարուած որոշ աշխատանքներ ամէն տարի կը սահմանափակուին երեք ամիսներու ժամանակամիջոցով, որ շատ անբաւարար է։ Հիմա Անիի մէջ որոշ ճամբաներ կը բացուին ու կը բարենորոգուի Ապուղամրենց եկեղեցւոյ շրջակայքը։
Յուշարձաններու համաշխարհային հիմնադրամին կողմէ յատկացուած գումարներով եւ մշակոյթի նախարարութեան ու Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գործակցութեամբ, վերանորոգութեան կ՛ենթարկուին նաեւ Սուրբ Փրկիչ ու Սուրբ Գրիգոր եկեղեցիները։ Աշխատանքի խորհրդատուներն են «Փամուքքալէ» համալսարանի հնագէտները։
Նոյն համալսարանի մասնագէտներէն Ֆահրիյէ Պայրամ ըսած է, որ վերանորոգութեան ու մաքրութեան աշխատանք կը տարուի Ապուղամրենց եկեղեցւոյ շուրջ։ Այս եկեղեցին կառուցուած է 980 թուականին եւ ունի քառանկիւն գմբէթ։ Պայրամ ըսած է նաեւ, որ Անին հիւրասիրած է բազմաթիւ քաղաքակրթութիւններ եւ եղած է հայկական թագաւորութեան մայրաքաղաքը։ Բայց հոս բազմաթիւ կրօնքներ քով քովի ապրած են։ Այս եկեղեցին ընտանիքի մը դամբարանին եկեղեցին եղած է։ Եկեղեցիին մերձակայքէն երեւան կը հանուին խոհանոցային իրեղէններ, յախճապակիի կտորներ, նաեւ մարդկային ոսկորներ։ Այս բոլորը երեւան հանուելէ ետք, կրկին հողով կը ծածկուին, որպէսզի չքանդուին:
Կարսի մշակոյթի ու զբօսաշրջութեան տնօրէն Հասան Տողանայ, իր կարգին, բացատրութիւններ տուած է Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքներուն մասին՝ յիշեցնելով, որ եկեղեցիին կէսը փուլ եկած է 1930ին, կայծակի մը հետեւանքով։ Եկեղեցին կառուցուած է 1036 թուականին։ Ներկայիս մօտաւորապէս քսան հոգիէ բաղկացեալ խմբակ մը աշխատանք կը տանի մասնագէտ ճարտարապետի մը հսկողութեան ներքեւ։ Ան նշած է նաեւ, որ այս եկեղեցիներու վերանորոգութեամբ՝ համաշխարհային պատմական ժառանգութիւնը կը հարստանայ նոր արժէքներով, իսկ Կարս եւ Անի այցելող զբօսաշրջիկներու թիւը աւելիով պիտի մեծնայ: