
Չորեքշաբթի, Օգոստոս 15ին, աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ եւ երգահան Շարլ Ազնաւուր, Վրաստանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Յովհաննէս Մանուկեանի ուղեկցութեամբ այցելած է Թիֆլիսի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցին: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան (ԱԳՆ) մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութիւնը:
Ազնաւուր առաջին անգամ ըլլալով համերգով հանդէս պիտի գայ Վրաստանի մէջ, Ախալցխայի «Ռապադ» համալիրի բացման առթիւ:
Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Վրաստանի թեմի առաջնորդ Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանի գլխաւորութեամբ, եկեղեցւոյ բակին մէջ Ազնաւուր դիմաւորած եւ ողջունած են հայ համայնքի հարիւրաւոր ներկայացուցիչներ:
Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ բարիգալստեան արարողութենէն եւ մոմավառութենէն ետք, աշխարհահռչակ երգիչը «Հայարտուն» կրթամշակութային կեդրոնին մէջ հանդիպած է Վրաստանի հայկական տարբեր կառոյցներու, մասնաւորապէս՝ հոգեւոր դասի, Թեմի հոգաբարձուներու խորհուրդի, Վրաստանի հայ եկեղեցասէր երիտասարդաց միութեան, Վրաստանի հայ գրողներու «Վերնատուն» միութեան, Վրաստանի հայ նկարիչներու միութեան, Վրաստանի հայ երաժիշտներու միութեան, Վրաստանի հայ մտաւորականներու միութեան եւ շարք մը այլ կազմակերպութիւններու հայկական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Ողջունելով մեծանուն երգիչը՝ Վրաստանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Յովհաննէս Մանուկեան հաւաստիացուցած է այն մեծ սէրն ու յարգանքը, զոր հայութիւնը կը տածէ տաղանդաւոր իր զաւակին նկատմամբ:
Հանդիպման աւարտին մեծ հայրենակիցին իրենց ստեղծագործութիւնները նուիրած են թիֆլիսահայ նկարիչ Թենկիզ Միկոյանց, քանդակագործ Լեւոն Օսիպով եւ երաժիշտ Լեւոն Շահպազեան:
Նոյն օրը երեկոյեան, ի պատիւ Շարլ Ազնաւուրի, Վրաստանի մօտ ՀՀ դեսպանութեան կողմէ պաշտօնական ընթրիք տրուած է: