ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– 21 Օգոստոսի գիշերը ատրպէյճանական կողմը կրակ բացած է հայ-ատրպէյճանական սահմանի Տաւուշի հատուածի Ներքին Կարմիրաղբիւր, Այգեպար եւ Մովսէս գիւղերուն ուղղութեամբ. իբրեւ հետեւանք՝ վնասուած է Ներքին Կարմիր աղբիւր գիւղի կազատարը:
«Թերթ»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ներքին Կարմիրաղբիւրի գիւղապետ Մանուէլ Գամենտադեան յայտնած է, որ հակառակորդը կրակ բացած է գիւղին՝ յատկապէս Հոնուտ եւ եկեղեցւոյ տարածքին գտնուող թաղամասերուն վրայ:
«Ժամը 21:30ի սահմաններում սկսուել է, դէ, ընդհատումներով շարունակուել մինչեւ գիշերուայ ժամը 01:00ն տեւել է: Կազատարն անջատել ենք, որ յանկարծ հրդեհ չբռնկուի: Դէ, էլ ի՞նչ ասեմ, եթէ ձեր բնակավայրի վրայ կրակեն, ի՞նչ կը լինի. վախ, ահ ու սարսափ, էլ ի՜նչ ասեմ: Բայց ամենակարեւորը՝ մարդկային կորուստ չունենք», տեղեկացուցած է գիւղապետը:
Մովսէս գիւղի գիւղապետ Լութվիկ Աբերեան եւս հաստատած է, որ իրենց գիւղը ռմբակոծուած է. ան նկատել տուած է, որ վնասուած են յատկապէս բնակելի տուներուն երդիքները, իսկ ռմբակոծումը տեւած է 20:30-12:00:
Բարեբախտաբար, մարդկային կորուստներ չկան:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւս հաստատած է հայ-ատրպէյճանական սահմանի Տաւուշի հատուածին կողմէն նախանցեալ գիշեր Ատրպէյճանի զինուժին կողմէ զինադադարի խախտումը:
«Այս պահի դրութեամբ մեզ զոհերի ու վիրաւորների մասին յայտնի չէ», ըսած է պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան: