ԵՐԵՒԱՆ, «Առաւօտ».- 9 Սեպտեմբերին Կապան քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենան աւագանիի եւ քաղաքապետական ընտրութիւններ:
Նախընտրական քարոզարշաւը, ըստ օրէնքի, ճշդուած է 22 Օգոստոսէն 7 Սեպտեմբեր: Բայց եւ այնպէս քարոզարշաւը սկսաւ մէկ օր կանուխ. Կապանի մէջ արդէն տեղադրուած է քաղաքապետական ընտրութիւններուն Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Աշոտ Հայրապետեանի քարոզչական պաստառը, իսկ անոր թեկնածութիւնը պաշտպանող յայտարարութեամբ նախանցեալ օր հանդէս եկած էին «Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային կոմբինատ» գլխաւոր տնօրէնն ու Սիւնիքի մարզպետը: Սակայն, ըստ լուրերուն, վիճակագրութեան իբրեւ արդիւնք առաջատար է Կապանի գործող քաղաքապետ Արթուր Աթայեանը:
Կապանի մէջ կը նախատեսուի սուր ընտրապայքար, որուն ընթացքին հիմնական մրցակցութիւնը տեղի պիտի ունենայ գործող քաղաքապետ, ՀՅԴի անդամ Արթուր Աթայեանի եւ ՀՀԿի առաջադրուած թեկնածու Աշոտ Հայրապետեանի միջեւ: 9 Սեպտեմբերին կայանալիք ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ունեցող բնակիչներուն թիւը Կապանի մէջ կը հասնի 30.581ի: