ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ.- Երեքշաբթի, Օգոստոս 14ին, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) դոկտորական ուսանող Կարօ Մոմճեան յաջողութեամբ պաշտպանած է իր դոկտորական աւարտաճառը՝ արժանանալով պատմութեան ճիւղի դոկտորի կոչումին: Դոկտորականի դատակազմին անդամները եղած են փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան (ատենապետ), փրոֆ. Ճեֆրի Սիմքոքս, փրոֆ. Կեպրիէլ Փիթըրպըրկ եւ փրոֆ. Յարութիւն Արմէնեան:
ՀՅԴի, Բրիտանիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան արխիւներու օգտագործումով անոր հեղինակած աւարտաճառին խորագիրն է՝ «Սահմանադրական դրութեան համար պայքար. Հայ-Երիտասարդ թուրքերու յարաբերութիւնները Ապտուլհամիտ Բ.ի ժամանակաշրջանին (1895-1909)»:
«Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը կը շնորհաւորէ Կարօ Մոմճեանը, անոր նուաճած կոչումին առի-թով:
Կոչումը չեն նուաճեր, այլ… Ահաւասիկ սրբագրութիւնը՝ ձրի։ Եւ մենք կը պաշտպանե՞նք արեւմտահայերէնը։
Երեքշաբթի, Օգոստոս 14-ին Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) դոկտորական ուսանող Կարօ Մոմճեան յաջողութեամբ պաշտպանած է իր դոկտորական աւարտաճառը՝ արժանանալով պատմութեան ճիւղի դոկտորի աստիճանին: Դոկտորականի դատակազմին անդամները եղած են փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան (ատենապետ), փրոֆ. Ճեֆրի Սիմքոքս, փրոֆ. Կեպրիէլ Փիթըրպըրկ եւ փրոֆ. Յարութիւն Արմէնեան:
ՀՅԴի, Բրիտանիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան արխիւներու օգտագործումով անոր հեղինակած աւարտաճառին խորագիրն է «Սահմանադրական դրութեան համար պայքար. Հայ-Երիտասարդ թուրքերու յարաբերութիւնները Ապտուլհամիտ Բ.ի ժամանակաշրջանին (1895-1909)»:
«Ասպարէզ»-ի խմբագրութիւնը կը շնորհաւորէ Կարօ Մոմճեանը անոր ձեռք բերած գիտական աստիճանին առիթով: