ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Օգոստոս 23ին, մինչ Դամասկոսի եւ Հալէպի Ճիտէյտէ, Անսար եւ քանի մը այլ թաղամասերու մէջ բախումներ տեղի կ՛ունենային, Սուրիոյ հարցով թուրք-ամերիկեան աշխատանքային խմբակը Անգարայի մէջ իր առաջին ժողովը գումարեց՝ նպատակ ունենալով արագացնել Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութենէն հեռացումը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի միջինարեւելեան հարցերով տեղակալ Էլիզապէթ Ճոնսընի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն դիւանագէտներ եւ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեանց ու պաշտպանութեան նախարարութենէն ներկայացուցիչներ, Թուրքիա ժամանած էր Չորեքշաբթի երեկոյեան: Աշխատանքային խմբակի կազմութիւնը յայտարարուած էր Օգոստոս 11ին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի եւ անոր թուրք պաշտօնակից Ահմետ Տաւութօղլուի միջեւ հանդիպումէն ետք:
Միւս կողմէ՝ Դամասկոս յայտարարեց, որ թռիչքներու արգիլեալ գօտին, զոր Քլինթընի եւ այլոց կողմէ կ՛առաջարկուի, Սուրիոյ դէմ յարձակում պիտի նկատուի: Սուրիական ապահովական ուժերը կը յայտնեն, թէ վերջին քանի մը օրերուն Հալէպի մէջ ձերբակալուած ըմբոստներու շարքին կան ոչ սուրիացի արաբներ, աֆղաններ եւ ուրիշներ: «Ռաշա Թուտէյ» կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ չեչեն ահաբեկչական խմբաւորումներէն մէկուն ղեկավարին զաւակը, Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին սպաննուած է:
Նաեւ, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ Օգոստոս 22ին հանդիպում մը ունեցած է Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի նախագահ Ապտել Պասեթ Սիտայի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ, որմէ ետք Սիտա յայտնած է. «Ներկայիս կ՛աշխատինք փոխանցման կառավարութեան ձեւաւորման վրայ: Շատ արագ շարժիլ չենք կրնար, որովհետեւ ատոր համար լուրջ խորհրդակցութիւններ պէտք են»:
Նաեւ, Ուաշինկթըն դատապարտեց Այնթապի մէջ տեղի ունեցած ականահարումը՝ զօրակցութիւն յայտնելով «ահաբեկչութեան դէմ Թուրքիոյ պայքարին», միաժամանակ զսպուածութեան կոչ ընելով թուրք պաշտօնատարներուն: Յայտնենք, թէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը ամբաստանելէ ետք, թուրք պաշտօնատարներ նաեւ կասկածներ յայտնած են, թէ Սուրիան եւ Իրանը պատասխանատու կրնան ըլլալ 9 զոհ խլած յարձակումին: Իր կարգին, Իրանի խորհրդարանի Ազգային ապահովութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնաժողովի նախագահ Հիւսէյն Նաքաւի յայտարարած է, որ Այնթապի եւ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող նման իրադարձութիւնները հետեւանք են Թուրքիոյ վարած արտաքին քաղաքականութեան: «Սուրիոյ մէջ անմեղ մարդոց կեանքերը խլելուն զուգահեռ, Թուրքիոյ քայլերը վտանգ կը սպառնան նաեւ ի՛ր սեփական ապահովութեան», աւելցուցած է ան: